Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թովմաս Թովմասեան երէկ այցելեցին «Ազդակ»:
Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումը կեդրոնացաւ թեհրանահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, երկրի տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակին վրայ:
Առաջնորդ սրբազանը «Ազդակ»-ի գրադարանին նուիրեց Յովհաննէս Ա. քհնյ. Հաճեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած երկհատորը` «Հայոց տաժանքի ճամբաներով»-ը, որ լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով, Թեհրան:
Գիրքը վկայագրութիւն է ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ շրջաններուն: Հեղինակը փետրուարեան ապստամբութենէն ետք հազարաւոր հայորդիներու հետ կ՛անցնի Թաւրիզ, ապա Թեհրան, ուր կը շարունակէ իր հոգեւոր-ազգային գործունէութիւնը մինչեւ մահ:
Գիրքին երկրորդ հատորը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, ի յիշատակ` Լիզպոնի հինգ նահատակներուն:


