Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ թունուզեան Նաժըմ Ռատեսիի միջեւ:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, որ ընթացաւ բաւական հետաքրքրական ձեւով, Ռատեսի յաղթանակ արձանագրեց մարոքեան Ժամհիեթ Սալայի դէմ` 68-63 արդիւնքով (11-14, 14-21, 25-14 եւ 19-14):
Պէտք է ըսել, որ երկու կազմերն ալ բաւական լաւ ներկայացում ունեցան:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, որ եղաւ զուտ լիբանանեան` Ռիատիի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ, անիկա մնաց անաւարտ, երբ երկրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ-ի կազմը քաշուեցաւ մրցումէն` նկատի ունենալով, որ Ռիատիի համակիրներուն կողմէ ՀՄԸՄ-ի պահեստի նստարաններուն ուղղութեամբ շիշ նետուեցաւ:
Ատոր ի տես, ՀՄԸՄ քաշուեցաւ եւ ուղղուեցաւ հանդերձարան, մինչ Ռիատիի համակիրներուն կողմէ լուտանքներն ու հայհոյանքները կը սաստկանային, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեանի դէմ:
ՀՄԸՄ արդէն իսկ որեւէ հարցի առաջքը առնելու համար եւ մրցաշարքի կազմակերպիչներուն առաջարկին ընդառաջելով, համաձայն գտնուած էր, որ խումբին համակիրները ներկայ չգտնուին մրցումին:
Սակայն, հակառակ ատոր, մրցումին ազդանշանը տրուելէն մէկ ժամ առաջ, Ռիատիի համակիրները խմբային ձեւով սկսած էին իրենց հայհոյանքներուն:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ին մրցումէն քաշուելուն, պէտք է նշել, որ երբ կազմակերպիչները չկրցան համոզել ՀՄԸՄ-ը, որ դաշտ վերադառնայ, իրաւարարները գոցեցին սքորշիթը, եւ Ռիատի յաղթական հռչակուեցաւ 29-20 արդիւնքով: Նշենք, որ մրցումը ընդհատուեցաւ երկրորդ քորթըրին աւարտէն 3՛ 50՛՛ առաջ:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը` նշանակելով 5 թրի փոյնթ:
Այժմ Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ մրցաշարքին աւարտէն ետք, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կը մնայ կեդրոնանալ Լիբանանի ախոյեանութեան վրայ, որուն գծով յաջողութիւն կը մաղթենք խումբին:



