Ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիւքսամպուրկի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, ան 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Տանիլա Եաքուփովիչին (Սլովաքիա):
Գասպարեան «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.»-ի դասաւորման մէջ դասուած է 124-րդ:
Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 215 հազար եւրօ: Անիկա կ՛աւարտի այս շաբաթավերջին:



