Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը գործող Ընտրական օրէնսգիրքի առաջարկուող տարբերակին մէջ դրական փոփոխութիւններ կը տեսնէ` գործող օրէնսգիրքին հետ բաղդատած:
Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանի եւ Դանիէլ Իոաննիսեանի` ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ Ազգային ժողովին մէջ կայացած քննարկումներէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Հանդիպումը օգտակար էր: Մենք նախապէս քննարկում կատարած էինք եւ ներկայացուցած մեր մօտեցումները: Ներկայացուցինք երեք առաջարկ: Անոնց մերժումը ունէր մէկ բացատրութիւն` մինչեւ դեկտեմբեր չենք հասնիր զանոնք կատարել, ժամկէտները սեղմ են», ըսած է Ռուստամեան եւ աւելցուցած, թէ ճիշդ ատոր համար է, որ դէմ են խորհրդարանական ընտրութիւններուն դեկտեմբերին կայացման:
Իրենց առաջարկներէն մէկը կը վերաբերէր բաց կամ փակ ցանկերուն: Առաջարկած են ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք կուսակցութիւններու խորհրդարան մուտքի քուէներուն շէմը նուազեցնել: Առաջարկած են նաեւ տարբերակ, որուն միջոցով ընտրութիւններուն ատեն պիտի արձանագրուէին ո՛չ միայն կեղծիքները, այլ նաեւ անոնց ծաւալը, ինչ որ թոյլ պիտի տար դատարանին մէջ վիճարկել ընտրութիւններուն արդիւնքները:
«Այնուամենայնիւ, առաջարկուած որեւէ քայլ մենք միշտ ալ ողջունած ենք: Մենք կը կարծենք, թէ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնը, դրական որեւէ յառաջընթաց մենք պէտք է ողջունենք: Օրինակ` կայ վարկանշային կարգէն հրաժարում, անցողիկ շէմի նուազեցում: Համեմատած գործող Ընտրական օրէնսգիրքին` առաջարկուող ծրարին մէջ դրական փոփոխութիւններ առկայ են», նշած է խմբակցութեան ղեկավարը:
Կողմ կամ դէմ քուէարկելու համար Դաշնակցութիւնը իր քննարկումը պիտի կատարէ երկուշաբթի ու պիտի յայտարարէ այդ մասին:
Ան յոյս յայտնած է, որ իրենց երեք առաջարկները նորէն քննութեան առարկայ պիտի դարձնեն: Ռուստամեան կրկին շեշտած է, որ կառավարութիւնը անոնք չ՛ընդունիր ոչ թէ մերժելու, այլ ժամկէտներու մէջ չտեղաւորուելու տրամաբանութեամբ` աւելցնելով, որ ատոր համար ալ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դեկտեմբերին կայացումը հապճեպ կը նկատուի:



