Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Շուէտի գահաժառանգ Վիքթորիա իշխանուհին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Վիքթորիա իշխանուհին` շեշտելով երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը: Ան բարձր գնահատեց Շուէտի ջանքերը ի խնդիր ժողովուրդներու օժանդակութեան եւ բարգաւաճման իրականացումին:
Նախագահ Աուն Շուէտի գահաժառանգին ներկայացուց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իրականութիւնը` մաղթելով, որ այս իմաստով Շուէտ կը զօրակցի Լիբանանի տեսակէտին` նկատի ունենալով, որ տեղահանուածներուն տունդարձը կը կատարուի անոնց կամքով, իսկ տեղահանուածները կը փոխադրուին դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը:
Իր կարգին, Վիքթորիա իշխանուհին հաստատեց, որ Շուէտ կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնել` բարգաւաճում ապահովելու նպատակով:
Ան գնահատեց Լիբանանի կողմէ հսկայական թիւով սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալելու եւ անոնց նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելու քայլը` աւելցնելով, որ Շուէտ կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին, երբ վերադարձի պայմանները յարմար ըլլան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն եւ արտայայտուած վերջին կեցուածքներուն լոյսին տակ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ իրեն համար կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը առաջնահերթութիւն է` մաղթելով, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի` դիմագրաւելու համար տնտեսական մարտահրաւէրները:
Նախագահ Աուն ընդունեց նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, Քեսրուանի կարիքները, ինչպէս նաեւ Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանի նահանգապետի նշանակման թղթածրարը:
Քննարկուեցաւ նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն իրաւունքը` մասնակցելու լիբանանեան քաղաքական կեանքին, յատկապէս ընդգծելով զանոնք լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու կարեւորութիւնը:



