Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Մէջ. Պըրրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ափրիկեան Երկիրներու Խորհրդարանական Համադաշնակցութեան Նախագահին Հետ

October 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ափրիկեան երկիրներու խորհրդարանական համադաշնակցութեան նախագահին` Սիպրիանօ Քասամայի հետ, ներկայութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ռուլա Թապաշ – Ժարուտի, Եասին Ժապեր եւ Միշել Մուսա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ ափրիկեան երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու մասին, ընդգծելով յատկապէս մշակութային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ Պըրրի շարունակեց իր մասնակցութիւնը Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան 139-րդ ընդհանուր ժողովին:

Միւս կողմէ, Զուիցերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռուլա Նուրէտտինի կողմէ Պըրրիի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան ի պատիւ սարքուած ընթրիքին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը քաղաքացիական արդի պետութեան կերտումով կարելի է ապահովել` վերջ տալով համայնքային պետութեան իրականութեան:

Պըրրի նշեց նաեւ, որ պէտք է տեսնել գաւաթին լեցուն բաժինը` դիտել տալով, որ Լիբանան` փոքր պետութիւն մը ըլլալով հանդերձ, պարտութեան մատնած է Իսրայէլն ու ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին համար պատգամ երկիր մըն է, որ կը պահպանէ իր ազգային համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը:

Ան կարեւոր նկատեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը` մեծապէս գնահատելով արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

 

Նախորդը

Մըրատ. «Հարիրիի Կողմէ Սիւննի Համայնքի Միայն Մուսթաքպալ Հոսանքով Ներկայացումը Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Արդիւնքներու Հարուածում Է»

Յաջորդը

Սարրաֆ Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.