Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթիի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:
«Սփութնիք»-ի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Լիւքսամպուրկի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ծիրին մէջ:
Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ իրավիճակը եւ միտքեր փոխանակած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան սպասուող այցելութեան շուրջ:



