Հայաստանի մէջ սպասուող ընտրութիւններէն ետք յստակ պիտի դառնայ, թէ այդ երկիրը որքանո՛վ պատրաստ է խաղաղութեան ու կայունութեան, իսկ ատիկա նախ եւ առաջ կը նշանակէ «հայկական զօրքերու դուրսբերում ազրպէյճանական հողերէն»: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Լիւքսամպուրկի մէջ «Արեւելեան գործընկերութիւն»-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը շրջանի կայուն զարգացման կարեւորագոյն հարցերէն է:
Ան նշած է, որ իր հայ գործընկերոջ հետ կատարած երկու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցը դրական խթան կու տան յառաջ շարժելու համար:
Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանը, իր կարգին, ինչպէս քանի մը անգամ յայտնած է, պատրաստ է առարկայական եւ արդիւնքի վրայ հիմնուած բանակցութիւններու:
Միւս կողմէ, 15 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութիւն մը տարածեց Արցախի տագնապին վերաբերեալ` յոյս յայտնելով, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը «կը հասկնայ Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն զօրքերը հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը»` պնդելով, որ Հայաստանի կայուն զարգացման համար այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի:
Այս յայտարարութեամբ, ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ համաժողովին ընդունուած բանաձեւին, որուն մէջ անդրադարձ կար նաեւ Արցախի տագնապին:
«Հայաստան պէտք է վերջ դնէ միջազգային հանրութեան ստելու իր ապարդիւն քայլերուն, իրականացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան համապատասխան բանաձեւերով եւ Հելսինքեան եզրափակիչ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները` դուրս բերելով զօրքը Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն», կը յայտարարէ Պաքու:



