Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՆՈԱԶ ԱՐՔ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՐԵՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՎԱՀԱՆ ՌՈՒՄԵԼԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

December 2, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ արուեստի քննադատ Ժոզեֆ Թարրապի, կազմակերպութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Նոազ Արք» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Վահան Ռումելեանի գործերու անհատական ցուցահանդէսի բացում: Ցուցադրուած էին մօտ 30 աքրելիք եւ իւղաներկ մեծ չափի պաստառներ: Ժոզեֆ Թարրապ «Ազդակ»-ի հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ Վահան Ռումելեան մեծ զգացումով ու կիրքով կը գծէ պաստառները եւ «կը ցատկի» անոնց վրայ` տրամադրելով իր ամբողջ ուժը:

Վահան Ռումելեան իր մասնակցութիւնը բերած է աւելի քան 26 ցուցահանդէսներու` անհատական թէ հաւաքական, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Հռոմի, Արժանթինի, Մոսկուայի, Սպանիոյ, Գիւմրիի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Ան վերացապաշտ արտայայտչապաշտ արուեստագէտ է, որ ինքնուրոյն ոճ մը ստեղծած է` աստիճան մը աւելի բարձրացնելու այդ արուեստը, հետեւաբար դուրսի երկիրներուն մէջ կը գնահատուի իբրեւ վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ արուեստը քայլ մը աւելի բարձրացնող արուեստագէտ: Իր գործածած գոյները վառ եւ լուսաւոր են:

Բացման հանդիսութեան ներկաները ողջունեց «Նոազ Արք» ցուցասրահի սեփականատէր, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ցուցահանդէսի հովանաւոր Ժոզեֆ Թարրապի կենսագրական գիծերը եւ անոր ծաւալած գործունէութիւնը: Հերկելեան հաստատեց, որ Թարրապ ինքզինք շատ մօտ կը զգայ հայ արուեստին եւ կը գնահատէ հայ արուեստագէտները, որոնք արժանի են մեծարուելու եւ գնահատուելու:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 5 յունուար 2012, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

 

Նախորդը

ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ` ԿԵՐԹՄԵՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

«ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ, ՃԳՆԱԺԱՄԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.