Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Ճորճ Քենթը:
Վարչապետ Փաշինեան ողջունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալին Հայաստան այցելութիւնը, որ լաւ առիթ է երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը եւ համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները քննարկելու համար:
Ճորճ Քենթ նշած է, որ ուրախ է Հայաստան այցելելով` մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին, եւ Միացեալ Նահանգները կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ գործակցութեան հետագայ ընդլայնումը:
Վարչապետը անդրադարձած է ներհայաստանեան քաղաքական հոլովոյթներուն եւ նշած, որ Հայաստանը հաստատակամ քայլերով յառաջ կը շարժի ժողովրդավարութեան զարգացման ճամբով, որ մեր հասարակութեան համար արտաքին քաղաքական կողմնորոշում չէ, այլ ներքին համոզում եւ արժէք: Վարչապետը խօսած է նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ կատարուող հետեւողական աշխատանքներու եւ տարբեր մարզերու մէջ նախաձեռնուած բարեփոխումներու մասին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխտեղակալը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը շահագրգռուած է, որ Հայաստանը յաջողութիւններ արձանագրէ ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ երկրին համար առաջնահերթ միւս ուղղութիւններով, եւ պատրաստ է օժանդակելու Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման հոլովոյթին մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, միջազգային արդի իրավիճակի, շրջանային մարտահրաւէրներու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ:



