Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Ռուսական Զէնք Գնելո՞վ, Ռուսական Ռազմակայան Բանալո՞վ Եւ Իրանի Հետ Հաշտուելո՞վ Պիտի Հակադարձէ Ուաշինկթընի Հաւանական Պատժամիջոցներուն

October 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական ղեկավարութեան մօտիկ եղող սէուտցի յօդուածագիր Թուրքի Տախիլ կը յայտնէ. «Սէուտական Արաբիան ամերիկեան որեւէ պատժամիջոցի պիտի հակադարձէ արտօնելով ռուսական ռազմակայանի (Սէուտական Արաբիոյ մէջ) հաստատումով, Մոսկուայէն զէնքեր գնելով, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ հաշտուելով»:

Ան իր յօդուածին մէջ նշեց, որ սէուտական իշխանութիւններու միջանցքներուն մէջ կը խօսուի աւելի քան 30 սէուտական հակաքայլերու մասին` աւելցնելով, որ Ռիատի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները սէուտական տնտեսութենէն առաջ աղէտալի պիտի ըլլան ամերիկեան տնտեսութեան համար:

«Սէուտական հաւանական հակաքայլերէն մէկը պիտի ըլլայ 7,5 միլիոն տակառ քարիւղ արտադրել, եւ եթէ (քարիւղի տակառի) 80 տոլարի գինը զայրացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, ապա ոչ ոք թող զարմանայ, եթէ ատոր գինը բարձրանայ 100, 200 կամ այդ թիւին կրկնապատիկին: Աւելի՛ն. քարիւղի տակառին գինը կրնայ չինական եուանով ըլլալ, փոխան տոլարի, իսկ քարիւղը այսօր տոլարով առեւտուրի կարեւորագոյն արտադրութիւնն է», կը գրէ ան:

«Ենթադրեալ այդ (ամերիկեան) պատժամիջոցները կրնան առաջնորդել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ մերձեցման, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ հսկայական շրջադարձ մըն է: Այդ պատժամիջոցները Ռիատը պիտի մղեն դէպի Իրան եւ Ռուսիա, ինչպէս նաեւ Համաս շարժումն ու Հըզպալլան թշնամիներէ բարեկամներու պիտի վերածեն», կը գրէ Տախիլ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ սէուտական հաւանական հակաքայլերու շարքին կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռիատի 800 միլիառ տոլարի հասնող վարկերու եւ ներդրումներու դադրեցումը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները աշխարհի վրայ 20-րդ մեծագոյնը եղող սէուտական շուկայէն զրկելը:

 

 

 

Նախորդը

Մուն Չժէ Ին Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղէ` Աջակցելու Փիոնկիանկի Ապահիւլէականացման Մասին Որոշումին

Յաջորդը

Իտլիպի Մէջ Զինեալ Ծայրայեղականներու Մէկ Մասը Համաձայն Է Միանալու Սուրիոյ Իշխանութիւններուն Հետ Հաշտեցման Հոլովոյթին

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.