Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

October 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը:

Խորհրդանշական լանջաշղթան քաղաքապետին յանձնեցին աւագանիի  անդամ Արթուր Իսպիրեանը եւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի Տիգրան Մանսուրեանը: Հնչեց Երեւանի քայլերգը:

Մարութեան նշեց, որ պատասխանատուութեան զգացումը մեծ է: «Կանգնած եմ այստեղ, քանի որ այդպէս որոշած է ժողովուրդը: Ես մէկ առ մէկ կը յիշեմ բոլոր այն խոստումները, որոնք տուած եմ երեւանցիներուն: Իր քաղաքն ու երկիրը սիրող մարդը այլ բան չի կրնար ընել, իսկ ես կը սիրեմ մեր Երեւանը», ըսաւ Մարութեան:

Անոր համաձայն, իր երդումը ոչ թէ զուտ արարողակարգային է, այլ երդում` երեւանցիներու եւ Աստուծոյ առջեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուած է Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութեան:

Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին նշած է, որ իրենք պէտք է երաշխաւորեն, որ կառավարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ  գողեր չկան, մարդիկ չկան, որոնք կը գողնան ժողովուրդին վճարած հարկերը: Ըստ վարչապետին, ժողովուրդը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ իր տուած հարկերը չեն գողցուիր: «Այո՛, տակաւին անարդիւնաւէտ օգտագործման դէպքեր կան, ատիկա տակաւին ճամբայ է, որ մենք պէտք է անցնինք, այդ խնդիրը պէտք է լուծենք, բայց իւրաքանչիւր քաղաքացի իր վճարած իւրաքանչիւր լումային պէտք է վերաբերի այնպէս, ինչպէս այն բանին, որ այդ գումարը կը դնէ իր տան այն դարակին մէջ, որ նախատեսուած է ընտանիքի կարիքներուն համար: Մեր քաղաքական խմբակին ուղղուած մեծագոյն դիտողութիւնը այն է, որ անիկա շատ երիտասարդ է», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

Ան նշեց նաեւ, որ քաղաքական իմաստով պէտք է առաջնորդուին նախապէս որեւէ ներգրաւուածութիւն ունեցած մարդիկը չմերժելու սկզբունքով, քանի որ մերժելը ինք կը նկատէ քաղաքական այլամերժութիւն. «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք Հայաստանի մէջ քաղաքական այլամերժութեան գոյութիւնը: Մենք պէտք չէ առաջնորդուինք ու չենք առաջնորդուիր հինը, նախկինը ժխտելու, ջնջելու եւ քանդելու մղումով», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան:

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Եարոմիր Շթեթինան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.