Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Եարոմիր Շթեթինան

October 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Եարոմիր Շթեթինան:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախ-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Մասիս Մայիլեան ընդգծած է Արցախի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ուղղակի  կապերու հաստատման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ փոխադարձ գործակցութեան կարելի ուղղութիւններ նշելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը, կրթութեան, գիտութեան եւ առողջապահութեան մարզերը:

Այս ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ անթոյլատրելի է Արցախի մեկուսացումը միջազգային եւ շրջանային հոլովոյթներէն` համոզում յայտնելով, որ Արցախ-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան ապահովման ու տեւական խաղաղութեան հաստատման:

Կողմերը նաեւ կարեւոր նկատած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան շրջագիծերուն մէջ համագործակցութեան ուղղուած ջանքերու աշխուժացումը: Մտքեր փոխանակուած են Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ:

Մասիս Մայիլեան յաջողութիւն մաղթած է Եարոմիր Շթեթինային` մայիս 2019-ին տեղի ունենալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն:

Շթեթինա. «Պիտի Նպաստեմ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Տեղեկացուածութեան Բարձրացման»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 13 հոկտեմբերին ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Եարոմիր Շթեթինան: Հանդիպումին մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, «Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբի ղեկավար Վահրամ Բալայեանը, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանը եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեանը:

Ողջուներով հիւրը` խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն  յայտնած է չեխ երեսփոխանին Արցախին վերաբերող հարցերը միշտ  ուշադրութեան կեդրոն պահելու եւ բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն ժամանակ հայ ժողովուրդին կողքին ըլլալու համար:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը նպաստելու Եւրոպական խորհրդարանին մէջ  Արցախի վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացման եւ ընդգծած  այդ հարցով դիւանագիտական աշխատանքներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական հոլովոյթներուն, տագնապի խաղաղ լուծման, բանակցային հոլովոյթի հեռանկարներուն եւ Արցախի միջազգային ճանաչման վերաբերող հարցերուն:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանին հանդիպումը այնուհետեւ շարունակուած է «Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբի անդամներուն հետ: Պատգամաւորներուն անունով ողջունելով հիւրը` Վահրամ Բալայեան համոզում յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանին  հետ հաստատուած վաղեմի բարեկամութիւնը համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կը խոստանայ Արցախի համար:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան այլ ուղղութիւններու  վերաբերող նիւթեր:

 

Նախորդը

Պոլթըն Յայտնած Է Հայաստան Իր Այցելութեան Նպատակը

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.