Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս շաբթուան ընթացքին պիտի շարունակեն կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները, որոնց լոյսին տակ Հարիրի նախագահ Աունին պիտի ներկայացնէ կառավարութեան նոր կազմը:
Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրները հերքեցին նոր կառավարութեան կազմին վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` հաստատելով, որ վարչապետ Հարիրի կառչած կը մնայ իր լաւատեսութեան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր, ինչպէս նաեւ դրուատեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Աունի արտասանած խօսքը, որ կը դրսեւորէր Լիբանանի պատգամը` քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը ամրապնդելու առումով:



