Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Մէջ. Պըրրի Զգուշացուց Պաղեստինեան Դատը Ջնջելու Փորձերէն

October 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Ժընեւ` մասնակցելու համար Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 139-րդ ընդհանուր ժողովին:

Պըրրիի ընկերակցեցաւ խորհրդարանական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Եասին Ժապեր, Միշել Մուսա եւ Ռուլա Թապաշ-Ժարուտի:

Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ արաբական խորհրդարանական պատուիրակութիւններու նախագահներուն յատկացուած երէկուան երկարատեւ նիստին ընթացքին Պըրրի զգուշացուց Պաղեստինեան դատը ջնջելու փորձերէն` հաստատելով, որ արաբական խորհրդարանները միջազգային հարթակներու վրայ պէտք է ընդդիմանան նման փորձերու:

Ինչպէս Իսլամական երկիրներու խորհրդարանական համախմբումի ժողովին, ներկաները վաւերացուցին առաջարկ մը, որ ներկայացուած էր Քուէյթի եւ Յորդանանի կողմէ, օրակարգին վրայ աւելցնելու շտապ կէտ մը, որ կը վերաբերէր Ուաշինկթընի կողմէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի օժանդակութիւնները կասեցնելու արարքին` զայն նկատելով պաղեստինցիներուն վրայ ճնշում բանեցնելու նոր միջոց մը:

Արաբական խորհրդանական համադաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին նախագահեց ներկայ նստաշրջանի նախագահ` Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտել Ալ: Նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան նախագահ տիկին Կապրիելլա, որ արծարծեց եւ առաջարկեց քուէարկել ի նպաստ միասեռականներու իրաւունքներուն վերաբերող օրէնքը:

Երկար քննարկումներէ ետք Պըրրի շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ օրակարգի շտապ կէտ նկատուող առաջարկներու վաւերացման, ինչպէս կը հաստատէ համադաշնակցութեան կանոնագիրը: Ան ընդգծեց, որ այս պարագային օրակարգի շտապ կէտը ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներուն կը վերաբերի:

Իրենց կարգին, Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան մասնակից երկիրները հաստատեցին ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի օժանդակութիւններուն եւ պաղեստինցիներուն վերաբերող առաջարկը վաւերացնելու առաջնահերթութիւնը` կտրականապէս մերժելով միասեռականներու իրաւունքին վերաբերող առաջարկը, զայն նկատելով անկարեւոր եւ ոչ անհրաժեշտ:

Նշենք, որ օր մը առաջ Պըրրի մասնակցած էր Իսլամական երկիրներու խորհրդարանական համախմբումի ժողովին, որուն ընթացքին շեշտած էր Պաղեստինեան դատը եւ պաղեստինցիները թիրախ դարձնող դարու համաձայնութեան դէմ միասնաբար պայքարելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Յաջողեցանք Պաշտպանել Լիբանանը, Իսկ Այժմ Պէտք Է Զայն Տնտեսական Հաւանական Փլուզումէ Պաշտպանենք»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Պիտի Շարունակեն Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւնները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.