Անցեալ շաբաթավերջին 13 հոկտեմբերի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հասցէին ամբաստանութիւններ կ՛ուղղուին, ինչպէս նաեւ զայն փտածութեամբ կը մեղադրեն, երկու իրականութիւններ, որոնք 13 հոկտեմբերի արարքներէն շատ աւելի տգեղ են:
Պասիլ նշեց, որ իրենց վերագրուող փտածութեան ու զեղծարարութեան յանցանքները 13 հոկտեմբերի մէկ այլ երեսը կը նկատուին:
Ան աւելցուց, թէ ամէն անգամ, որ երկրի Ազգային ուխտի խախտում կ՛արձանագրուի, անիրաւութիւն կը պատահի կամ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը խոչընդոտուի` 13 հոկտեմբեր կ՛ըլլայ:
Պասիլ ընդգծեց, որ այսօր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ մղուող պատերազմը սուտերու եւ զրպարտութիւններու միջոցով կը գործադրուի:
«12 հոկտեմբերին զօր. Աունը փորձեցին փամփուշտով մը սպաննել, սակայն օրին Ժոզեֆ Ռաատ նահատակուեցաւ, որպէսզի փրկէ զօր. Աունը: Իսկ այսօր ոմանք կը փորձեն իշխանութիւնը սպաննել, այլ խօսքով` երկիրը սպաննել սուտերու ընդմէջէն, հետեւաբար մենք պիտի փրկենք մեր երկիրը, նոյնիսկ եթէ քաղաքական կեանքին մէջ նահատակուինք` ի խնդիր անոր փրկութեան», ըսաւ ան:
Պասիլ աւելցուց, որ օրին այդ արարքները գործողները պատերազմի ոճիրներ գործողներ էին` իրենց միլիսներով, իսկ այսօր անոնք խաղաղութիւնը սպաննողներն են` իրենց սուտերով, փտածութեամբ եւ գործակալութեամբ:
Ան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին մղած պայքարը կարելի չէ սահմանափակել զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահութեան հասցնելով, այլեւ` անոր նպատակն է պետականաշինութիւն կատարել, արդարութիւն եւ հաւասար գործակցութիւն ապահովել քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ: «Այդ պայքարը իրականացաւ հանրապետութեան նախագահութեան, կառավարութեան ու խորհրդարանին պարագային եւ պէտք է շարունակուի նաեւ վարչական աշխատանքին մէջ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով երկրին տնտեսական կացութեան` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապալի կացութիւնը կարելի չէ մէկ տարիէն բարելաւել, այլ` պէտք է զայն վերածել արդիւնաբեր տնտեսութեան: «Այս իմաստով մենք Հըզպալլայի հետ համաձայնած ենք, եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այս առումով անկեղծ է եւ իր խոստումներուն յանձնառու կը մնայ: Մարդիկ մեզմէ աշխատանք կը սպասեն, որպէսզի հաւատան մեզի եւ մեր կողքին կանգնին` դառնալով փտածութեան ընկերութեան դիմաց բարեկարգումի ընկերութիւն մը», ըսաւ Պասիլ:
Ան աւելցուց, որ իրենք Հըզպալլայի հետ յաջողած են պաշտպանել Լիբանանը, իսկ այժմ պէտք է զայն տնտեսական հաւանական փլուզումէ պաշտպանեն:
Միւս կողմէ, Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան ազգային միասնականութեան կառավարութեան, որպէսզի միասնաբար պատասխանատուութիւն ստանձնեն բոլորը` առանց երկրին մէջ երկփեղկում յառաջացնելու:
Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը խոչընդոտեն անոնք, որոնք արտաքին միջամտութիւններ կը փորձեն միախառնել կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն: «Անոնք կը սպառնան տնտեսական քանդում յառաջացնել եւ լիբանանեան թղթոսկին արժեզրկել, եթէ յաւելեալ նախարարութիւններ եւ պաշտօններ չյանձնուին անոնց: Արդեօք այս մտայնութիւնը կառավարութեան մէկ մասին վրայ բանեցուելիք միլիսական հակակշիռ մը չի՞ նկատուիր», հարց տուաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ այս վարուելակերպին դէմ իրենց պատասխանը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները փաստելով, նախարարութիւններուն պարագային յաւելեալ ատակութիւն եւ կարողութիւն ցուցաբերելով, իսկ աշխատանքի գծով յաւելեալ արդիւնաբերութիւն ցոյց տալով:



