Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի վստահեցուց, որ ելեկտրածին շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցով օժտելու հոլովոյթը հեզասահ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ այս ձեւը հիմնականօրէն պիտի նպաստէ ժողովուրդին մօտ աւելորդ ծախսերու խնայողութեան: «Ըստ վիճակագրութիւններու, ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը իրենց օրինական իրաւունքէն 500 միլիոն տոլար աւելի շահ կ՛ապահովեն, իսկ ժամացոյցներու զետեղումը պիտի կանխէ այս երեւոյթը, այսինքն` այդ աւելորդ գումարը պիտի մնայ ժողովուրդին գրպանը», ըսաւ ան:
Նախարարը նշեց, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը մտահոգութիւն յայտնած էին, թէ շարժակներուն սակագինը բաւական չափով նուազած է, այդ պատճառով ալ ժողովուրդը սեփականատէրերուն կանխավճար կը յատկացնէ: «Այս դրամը ժողովուրդին կը պատկանի», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ այդ գումարը պէտք է վերադարձուի քաղաքացիներուն: Նախարարը պարզեց, որ շարժակներու սեփականատէրերու մեծամասնութիւնը կանխավճար կը ստանայ, սակայն ժամացոյցի օգտագործումին պարագային նման բան տեղի պիտի չունենայ, իսկ շարժակներու սեփականատէրերը պարտին ժողովուրդին վերադարձնել նախօրօք գանձուած գումարները:
Նախարար Խուրի ընդգծեց, որ այս որոշումը ժողովուրդին օգտին է, իսկ եթէ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը չ՛ուզեր այս որոշումին գործադրութիւնը, ժողովուրդին կը մնայ որոշելը: «Ան որ չ՛ուզեր ժամացոյցի օգտագործումը, պէտք է թուղթ ստորագրէ այս առնչութեամբ», ըսաւ ան:



