Լիվըրփուլի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խստօրէն քննադատեց «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը:
«Դժբախտաբար, այժմ մեր ակումբին մաս կազմող ֆութպոլիստները պիտի միանան իրենց հաւաքականներուն` մասնակցելու համար աշխարհի ամէնէն անիմաստ մրցաշարքին` «Ազգերու լիկա»-ին: Յոյսով եմ, որ անոնք առողջ կը վերադառնան եւ որեւէ վնասուածք չեն ստանար: Այս մրցաշարքը պատճառ կը դառնայ, որ ֆութպոլիստները բաւարար հանգիստի ժամանակ չունենան: Անիմաստ կը գտնեմ այս մրցաշարքին կազմակերպումը», ըսաւ Քլոփ:



