Քննչական կոմիտէի Երեւանի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Կարօ Կարապետեանի սպանութեան դէպքին առիթով:
6 հոկտեմբերին, Երեւանի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանին մէջ գտնուող «Այգի» ճաշարանին մէջ ժամը 22:40-ին հնչած կրակոցներու պատճառով` Էրեբունի բժշկական կեդրոն տեղափոխուելու ճամբուն վրայ մահացած է Կարօ Կարապետեանը, կը փոխանցէ Քննչական կոմիտէն:
Դէպքին վայրը յայտնաբերուած է ատրճանակ մը, որ կը պատկանի նախկին պատգամաւոր Յարութիւն Ղարագէօզեանին:
Աւելի ուշ, նախնական տուեալներով, Երեւանի Դաւթաշէն շրջանին մէջ գտնուող շէնքերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է Ազգային ժողովին նախկին պատգամաւոր Յարութիւն Ղարագէօզեանին դիակը: Կ՛ենթադրուի, որ վերջինս սպաննելէ ետք նախկին պատգամաւոր Կարօ Կարապետեանը, անձնասպան եղած է:



