Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մեկնաբանած է Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ընի հետ իր ունեցած հանդիպումը` զայն նկատելով յաջող: Այս մասին ան գրած է «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն եւ իր պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ընդունելութեան համար:
«Մենք կը շարունակենք յառաջընթաց արձանագրել` սինկափուրեան համաձայնութիւններուն առնչութեամբ: Շնորհակալութիւն զիս ու իմ խումբս ընդունելու համար», գրած է Փոմփէօ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ իր այցելութեան նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ երկրորդ վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն են:
Փոմփէոյի Փիոնկիանկ այցելութիւնը նախատեսուած էր օգոստոսին, սակայն յետաձգուած էր երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ յունիսին Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու վերաբերեալ յառաջընթացի բացակայութեան պատճառով:



