Թրքական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ըստ թրքական ոստիկանութեան նախնական գնահատանքին, սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըկժի սպաննուած է Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ հիւպատոսարանին մէջ, ապա անոր դիակը այդ վայրէն դուրս բերուած է:
Թրքական կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թրքական ոստիկանութեան կարծիքով` Խաշըկժի հիւպատոսարանին մէջ սպաննուած է այդ արարքը գործելու համար յատուկ Պոլիս եկած եւ ապա նոյն օրն իսկ հեռացած խմբակի մը կողմէ:
Աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ 25 սէուտցիներ, որոնց շարքին պաշտօնատարներ երկու օդանաւերով հասած են Պոլիս եւ մուտք գործած հիւպատոսարան, երբ Խաշըկժի կը գտնուէր այդտեղ, ապա վերադարձած իրենց երկիրը:
Նշեալ տեղեկութիւններուն հրապարակումէն ետք, Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոս Մոհամետ Աթէյպի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Խաշըկժին ոչ հիւպատոսարան կը գտնուի, ո՛չ ալ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եւ սէուտական դեսպանատունն ու հիւպատոսարանը ջանք կը թափեն զինք յայտնաբերելու համար:
Թրքական ոստիկանութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ սէուտցի գրող Ժամալ Խաշըկժի երեքշաբթի օր հիւպատոսարան մուտք գործելէն ի վեր անկէ դուրս չէ եկած:
Խաշըկժի կ՛աշխատակցէր ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին:



