Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 7 հոկտեմբերին կը սկսի Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Ա. լիկայի 2018-2019 տարեշրջանը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 6 խումբերը.
Ուրարտու-Վիվարօ, Արագած, ՖԻՄԱ, Էրեբունի, Արթիկ-Մեն Հոլտինկ եւ Արցախ:
Ա. հանգրուանի բոլոր մրցումները տեղի կ՛ունենան նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ:
Նախապէս, ֆետերասիոնը յայտնած էր, որ ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 8 խումբեր, բայց Շիրակ Գիւմրիի եւ Կրանտ-Սփոր-Երեւանի անունները չէին նշուած մասնակցողներուն վերջնական ցանկին մէջ:
Այլ գետնի վրայ, Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 2-4 հոկտեմբերին Չինաստանի Սիան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՖԻՊԱ-ի աշխարհի առաջին համագումարին:
Ընդհանրապէս քննարկուեցան պասքեթպոլի մարզը յուզող տարբեր տեսակի հարցեր, զորս կը դիմագրաւեն ՖԻՊԱ-ին անդամակցած երկիրները:




