Հայաստանի պատանեկան ողիմպիական հաւաքականը մեկնեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք` Պուէնոս Այրես, ուր այսօր` շաբաթ, 6 հոկտեմբերին, կը սկսին պատանեկան ամառնային 3-րդ ողիմպիականի խաղերը:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան այս խաղերուն կը մասնակցի եօթը մարզաձեւերու մէջ` ծանրաբարձութիւն, ըմբշամարտ, թեքուանտօ, ժիւտօ, հրացանաձգութիւն, լողարշաւ եւ գեղարուեստական մարմնամարզութիւն:



