Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը

October 6, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաքրոն. «Ազնաւուրը Մինչեւ Հոգւոյն Խորքը Ֆրանսացի Էր, Որ Շատ Ամուր Թելերով Կապուած Էր Իր Հայկական Արմատներուն»

Երէկ Փարիզի հանրայայտ Հաշմանդամներու տուն յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստը:

Հաշմանդամներու տունը կը միաւորէ Ֆրանսայի զինուորական պատմութեան առնչուող թանգարաններ, այստեղ կը գտնուի Նափոլիոն Պոնափարթի դամբարանը:

Ազնաւուրի աճիւնը պատուած էր Ֆրանսայի ազգային դրօշով: Աճիւնը յուշահամալիրի կեդրոնական հրապարակ բերուեցաւ Հայոց  ցեղասպանութեան խորհրդանիշներէն մէկը դարձած «Տլէ եաման»-ի  նուագակցութեամբ` տուտուկի կատարումով:

Ֆրանսացիները հոգեհանգիստի արարողութիւնը կոչած են «Յարգանքի ազգային տուրք»:

Նախագահ Էմմանուել Մաքրոնէն բացի, արարողութեան կը մասնակցէին Ֆրանսայի պաշտօնաթող նախագահներ Նիքոլա Սարքուզի եւ Ֆրանսուա Հոլլանտ:

Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախագահ Արմէն Սարգսեանը` տիկնոջ հետ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` տիկնոջ հետ, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ափսոսանքով նշեց, որ չհասցուց անձամբ ծանօթանալ Շարլ Ազնաւուրին հետ, որ քանի մը օր ետք Ֆրանսայի նախագահին հետ պիտի երթար Երեւան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին:

«Կ՛ուզեմ հաստատել, որ անմնացորդ նուիրուած եմ այն գործին, որ նոր Հայաստանը պիտի դարձնէ այնպիսին, որուն մասին դուք կ՛երազէիք: Ազատ եւ երջանիկ Հայաստանը իսկապէս արժանի գնահատանքը կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի նկատմամբ ձեր ունեցած անուրանալի վաստակին: Կը խոնարհիմ ձեր դիմաց` մեծ ֆրանսացի, մեծ հայ, մեծ արուեստագէտ, մեծ մարդասէր: Ննջէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ վարպետ», իր խօսքին մէջ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կեանքին, ստեղծագործութիւններուն եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ անոր բերած ներդրումին: Է. Մաքրոն ըսաւ. «Այս յանկարծակի դատարկութիւնը հասկցուց մեզի ակնյայտ մէկ բան, որ ամբողջ դար մը ան էր մեզ ապրեցնողը, մեր կեանքի դժուարին, դառնութեան, յոյսի պահերուն Շարլ Ազնաւուրը մեզի տուաւ սփոփիչ հայելին` իր ստեղծագործութիւններով, որոնց շնորհիւ ան երկար տարիներ մեր կեանքը աւելի մեղմացուց, օգնեց դիմակայել կեանքի մարտահրաւէրները»:

Նշելով, որ Ազնաւուրի երգերը ամառնային դատարկ երգեր չէին, որոնք մարդոց պահ մը կ՛ուրախացնէին եւ կը մոռցուէին, Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ Ազնաւուրի երգերը միլիոնաւոր մարդոց համար դարձան սփոփանք, մխիթարանք:

«Ան կ՛երգէր մեզի համար, իբրեւ կեանքի ուղեկից, կը պատմէր կեանքի դժուարութիւններուն մասին: Յատուկ ձեւով կը խօսէր ժամանակի մասին, անոր ստեղծագործութիւնները միայն տխրութիւն չէին պատմեր, անոնք կը ներկայացնէին նաեւ անոր` գաղթի եւ աքսորի փորձը: Կ՛ըսեն, որ աքսորի տարիները կրկնակի կը հաշուուին, անոր մօտ Ֆրանսացիները շատ արագ նկատեցին ատիկա: Տարիներու ընթացքին Շարլ Ազնաւուրի ձայնի հնչերանգը մեզ միաւորեց` անկախ մեր տարիքէն եւ ընկերային մակարդակէն: Ազնաւուրը միաւորեց մեզ եւ դարձաւ Ֆրանսայի դէմքերէն մէկը: Ազնաւուրի երգերը նախ եւ առաջ բանաստեղծութիւններ են, որոնց բառերը եկած եւ դպած են մեր սրտերուն, այդ բանաստեղծութիւններու  վերնագիրները եւ երգերու կրկներգները մեզի համար ժառանգութիւն դարձած են», ըսաւ Մաքրոն:

«Ֆրանսերէնը Ազնաւուրի համար դարձած է այն ակունքը, կապը, որ հիւսած է Ֆրանսայի հետ: Հայ եւ յոյն գաղթականներու որդին, որ  կրթութիւն չստացաւ, բնազդաբար հասկցաւ, որ Ֆրանսայի մէջ լեզուն պետութիւն է պետութեան մէջ: Ան միշտ եղած է երիտասարդներու  կողքին, եղած է բաց` նոր երաժշտութիւններու, ձայներու, գաղափարներու հանդէպ: Ան երիտասարդ արուեստագէտներու համար գրեց մինչեւ վերջ, կը շարունակէր օգնել, աջակցիլ անոնց` այդպիսով սերունդներու միջեւ հաստատելով կամուրջներ: Ան այդպէս կը  պատկերացնէր Ֆրանսան, որովհետեւ գիտէր, թէ որքա՛ն Ֆրանսան կապուած է ամբողջ աշխարհին հետ: Ան երգեց ութ լեզուներով, բայց հանրութեան ամէնուրեք ֆրանսերէնով մատուցեց իր երգերը, քանի որ ֆրանսերէնը յոյսի, սիրոյ, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու եւ փիլիսոփաներու լեզուն է», իր ելոյթին մէջ ըսաւ  Ֆրանսայի նախագահը:

Ըստ Մաքրոնի, բոլոր առաքելութիւններէն Ազնաւուրը կը նախընտրէր հաւատարմութիւնը. հաւատարիմ էր ծնողներուն, կնոջը, ընտանիքին, բարեկամներուն, ընկերներուն, ծանօթներուն եւ անծանօթներուն, ան  հաւատարիմ էր նաեւ Հայաստանին:

«Ազնաւուրը Հայաստանի զաւակն էր, բարեկամը, դեսպանը, նաեւ այն առատաձեռն զաւակը, որ օգնութեան ձեռք երկարեց 1988-ի երկրաշարժէն տուժածներուն: Անոր այդ յանձնառութիւնը այսօր կը շարունակէ «Ազնաւուր» հինադրամը` ի նպաստ հայերու, Հայաստանի, ֆրանսական-հայկական բարեկամութեան: Հակառակ այն ցաւին, որ ձգեց  ցեղասպանութիւնը` Ազնաւուրը շարունակեց իր գործողութիւնները եւ ձեւաւորեց իր պայքարը: Ազնաւուրը միշտ երգած է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի մասին` ցանկալով պաշտպանել արժանապատուութիւնը այն մարդոց, որոնց փորձած են լռեցնել: Հաւատարիմ մնալով իր արմատներուն` ան մեզի ցոյց տուաւ իր Ֆրանսական հոգիին մէջ օտարազգի փոքրիկ մասնիկը: Անոր շնորհիւ Հայաստանը շատ բան  տուած է Ֆրանսային: Անոր միջոցով այսօր առիթ է յիշելու, թէ մենք` իբրեւ ազգ, որքան պարտական ենք բոլոր այն հայերուն, որոնք ստիպուած լքեցին իրենց երկիրը եւ եկան ապաստան գտնելու մեր մօտ: Ասիկա ընդհանուր ճակատագիր է: Բոլոր երկիրներու հայեր, այսօր իմ մտքիս  մէջ էք», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

«Թո՛ղ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութիւնը արժանի ըլլայ անոր տուած դասերուն: Վստահ եմ, որ դեռ շատ երկար տարիներ միլիոնաւոր մարդիկ դժուարութեան, յոյսի, ուրախութեան պահերուն իրենց յիշողութեան մէջ պիտի պահեն այն երաժշտութիւնը կամ այն երգերուն բառերը, որ այս բացառիկ բանաստեղծը ձգած է մեզի: Իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ ան պիտի շարունակէ իր ճամբան` քալելով ուղիղ, ձեռքը գրպանին մէջ, ժպիտը դէմքին, եւ մեզի հետ միասին ան հպարտօրէն պիտի անցնի այս դարը: Այլեւս ան մեզ պիտի չլքէ, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները երբեք չեն մահանար»,  ըսաւ  Մաքրոն:

Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 6 հոկտեմբերին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով այսօր Հայաստանի մէջ սուգ յայտարարուած է:

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Ինչո՞ւ Կը Փորձենք Բաց Դուռը Ջարդելով Ներս Մտնել»

Յաջորդը

Խմբագրական. Քաղաքական Հոգեհանգիստ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.