Մեծաթիւ հիւրերու եւ հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան, «Էյ. Էն. Պուխաթեր» ընկերութիւնը Հազմիէի շրջանին մէջ գտնուող «Օփել» ընկերութեան նոր ցուցասրահին մէջ ներկայացուց վերոնշեալ վաճառանիշները կրող իր վերջին արտադրութիւնը` «Օփել-Կրանտլենտ Էքս.»-ը, որ օժտուած է բացառիկ յատկութիւններով:
Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ 2 ամիս առաջ, Լիբանանի միջազգային ռելիին «Օփել»-ը ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը եւ եղաւ այդ ռելիին գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւններէն մէկը:
Այս նոր ինքնաշարժին ներկայացման ներկայ եղող «ՕՓԵԼ»-ի Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ վաճառման ընդհանուր տնօրէնը` Քրիսթիան Կերտես, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով այս նոր ինքնաշարժը, յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի փոքր երկիր մը ըլլալուն, գերմանական «Օփել» ընկերութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ անոր` քաջ գիտնալով, որ «Էն. Էն. ՊՈՒԽԱԹԵՐ» ընկերութիւնը կը ցոլացնէ երկրին իսկական պատկերը, եւ անոր սակերը երբեք ալ սուղ չեն եղած:
Անթոնի Պու Խաթեր խօսք առնելով ըսաւ, որ կու գայ շնորհակալութիւն յայտնելու ներկայ հրաւիրեալներուն, մանաւանդ մարզական լրագրողներուն եւ տեղական մամուլին, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ նորանոր վաճառանիշերով ինքնաշարժները ծանօթացնել լիբանանցի ժողովուրդին:




