«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան լիկայի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Մոսկուայի բանակայինները, որոնք հիւրընկալեցին Ռէալ Մատրիտը, կրեցին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ռուսական կազմին հետ այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Նայիր Թիկնիզեան եւ Տիգրան Աւանէսեան:
19 տարեկան Թիկնիզեան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, մինչ 16 տարեկան Աւանէսեան, դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին:
Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին Մոսկուայի բանակայիններու խումբը Չեխիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Վիքթորիա Փլզենի հետ:



