Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ յետսապահ Ժերար Փիքէի միջեւ յարաբերութիւնները այդքան ալ լաւ վիճակի մէջ չեն վերջին քանի մը մրցումներէն ետք, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն, որ «Լա լիկա»-ի վերջին երկու մրցումներուն խումբը արձանագրած է 2 հաւասարութիւն:
Ըստ շարք մը մարզաթերթերու, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները արդէն իսկ լարուած են նոր տարեշրջանէն սկսեալ:
Արժանթինցին քննադատեց խումբին պաշտպանողական գիծը:
Փիքէ կը նշէ, որ Մեսսի շատ յաճախ պէտք է հաղորդակցի մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, մեկնաբանութիւններ տայ մրցումներուն մասին եւ իր վրայ վերցնէ արձանագրուած արդիւնքին պատասխանատուութիւնը:



