Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ նախանցեալ օր հեթրիք մը իրագործեց Կարմիր Աստղ Պելկրատի դէմ, «Չեմփիընզ-լիկ»-ի գծով կատարուած մրցումին յաջողեցաւ շրջանցել Ռիվալտոն եւ հաւասարիլ Քաքային:
Այսպիսով, Նէյմար յաջողեցաւ Քաքայի նման այս մրցաշարքին գծով նշանակել 30 կոլ:
Յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն, եթէ ան նուազագոյնը մէկ կոլ նշանակէ, այս մրցաշարքին գծով պիտի ըլլայ ամէնէն շատ կոլ նշանակած պրազիլցին:



