Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումները (3-4 հոկտեմբեր) պիտի սկսին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յարգանս աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի:
Մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի սկսի նաեւ Փիւնիկ – Գանձասար յետաձգուած մրցումը (բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւն), որ տեղի պիտի ունենայ այսօր:



