– Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Իր Կատարած Առաջին Մրցումին (77-64)
– Հիւրընկալ Խումբը` Յաղթական
Երէկ` երեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 31-րդ ախոյեանութեան, որ նուիրուած էր Հանրի Շալհուպի յիշատակին եւ կազմակերպուած` Պէյրութ ակումբին կողմէ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Պէյրութի քաղաքապետ Զիատ Շըպիպ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, Շիահի քաղաքապետ Էտմոն Ղարիոս, Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, տարբեր ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ, շարք մը ակումբներու նախագահներ եւ այլ անդամներ, մարզական լրագրողներ, հրաւիրեալներ եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներ:
Յայտնենք, որ կարգ մը մրցումներ եւ բացումը պատկերասփռուեցան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն, ուղիղ սփռումին խօսնակն էր Թոնի Պարուտ:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր:
Օրուան առաջին մրցումին, Սփորթինկ (Եգիպտոս) 91-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆաթըհի դէմ (Սէուտական Արաբիա):
Այս մրցումին յաջորեց Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս) – Նասըր (Սէուտական Արաբիա) մրցումը, որ դարձեալ վերջ գտաւ եգիպտական խումբին մեծ յաղթանակով` 108-72 արդիւնքով:
Երրորդ մրցումին իրարու դէմ ճակատեցան նախորդ տարուան տիտղոսակիր ՀՄԸՄ եւ փոխախոյեան Ժամհիեթ Սալա (Մարոք):
Թէեւ ՀՄԸՄ առաջին քորթըրին կէտի մը տարբերութեամբ յառաջացաւ (20-19), սակայն մրցակից կազմը Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 37-31 արդիւնքով:
Երրորդ քորթըրին, թէեւ Սալա կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 16-ի (50-34), բայց ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կողմէ առնուած թայմ-աութը յաջողեցաւ իր շինիչ դերը կատարել` կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնելով 5-ի (53-48):
Չորրորդ քորթըրին սկիզբը ՀՄԸՄ-ի համակիրները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին իրաւարարին սխալ սուլած վճիռներէն մէկուն նկատմամբ: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ մրցումը կարճ ժամանակ մը դադրի, ապա շարունակուի: Այնուհետեւ Սալա կէտերու տարբերութիւնը դարձեալ բարձրացնելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 13 կէտի տարբերութեամբ (77-64):
Սալայէն կը բացակայէր Ապտելքարիմ Զուիթա (վիրաւոր):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քրիս Ճոնսըն (19 կէտ, 13 ռիպաունտ), Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 14 կէտ, 6 էսիսթ, իսկ Փաթրիք Պու Ապպուտ` 12 կէտ: Սալայէն 23 կէտ նշանակեց ամերիկացի Մուսա Ապտելալիմ, իսկ Զաքարիա Մըսպահի` 12, մինչ Սեֆիան Քորտօ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Վերջապէս, երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին, հիւրընկալ խումբը` Պէյրութ, որ մրցեցաւ Ահլի Սետապի դէմ (Օման), ախոյեանութիւնը սկսաւ յաղթանակով մը` 82-66 արդիւնքով:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
| ԺԱՄ | |
| Շապապ Քալանտիա (Պաղեստին) – Ֆաթըհ (Սէուտական Արաբիա) | 14:00 |
| Սփորթինկ (Եգիպտոս) – Սալա (Մարոք) | 16:00 |
| Արապի (Քաթար) – Իթթիհատ (Սէուտական Արաբիա) | 18:00 |
| Նասըր (Սէուտական Արաբիա) – Ահլի Սետապ (Օման) | 20:00 |
Լուսանկարները Տրամադրեց`
PROFOTO




