Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ կը պատրաստուի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն օգնութիւն խնդրել Քոսովոյի հարցին մէջ: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին Սերպիոյ նախագահը յայտնած է Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Երկու օրէն ես եւ Ռուսիոյ նախագահը պիտի հանդիպինք Մոսկուայի մէջ: Կասկած չկայ, որ ես անկէ Քոսովոյի խնդիրին վերաբերեալ խորհուրդ պիտի հայցեմ», ըսած է Վուչիչ:
Սերպիոյ նախագահին այս յայտարարութիւնները հնչած են Քոսովոյի հիւսիսը կացութեան կտրուկ սրումին լոյսին տակ: Շաբաթ օր Քոսովոյի իշխանութիւնները ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանումներ ուղարկած էին երկրամասի սերպաբնակ շրջաններ` զանոնք տեղակայելով շարք մը կարեւոր ռազմավարական կառոյցներու մօտ:
Փրիշթինայի այս քայլէն ետք Վուչիչի հրամանաով Սերպիոյ զինեալ ուժերը դրուած էին մարտական պատրաստ վիճակի մէջ:



