Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ – Սատի քաղաքապետութեան, զօրակցութեամբ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրի տնօրէնութեան եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, վաղը` կիրակի, 30 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղըրայյեպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 6-րդ տարիքային մրցաշարքի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 1100 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն 30 ակումբներ` լիբանանեան բոլոր շրջաններէն:
Տեղի պիտի ունենան 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:




