Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա-Հայաստան Սահմանը Ապօրինաբար Կտրած Թուրք Անչափահասը Վերադարձած Է Թուրքիա

September 29, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ երկու ամիս առաջ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կտրած եւ հայ իրաւապահներու կողմէ բերման ենթարկուած 16-ամեայ թուրք հովիւ Ումութ Ալի Էօզմեն հինգշաբթի առաւօտեան վերադարձած է Թուրքիա: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ, Ումութ Ալին զինք տուն տանելու համար Հայաստան եկած հօր` Մուսթաֆա Էօզմենի հետ չորեքշաբթի օր մեկնած է Վրաստան, իսկ մէկ օր ետք Թիւրքկէօզիւ անցակէտէն անցնելով մուտք գործած Թուրքիա: Ումութ Ալի Էօզմեն թրքական դրօշը ձեռքին համբուրած է հողը եւ լրագրողներուն ըսած, թէ բառերով չի կրնար նկարագրել հայրենիքի նկատմամբ կարօտն ու տուն վերադառնալու երջանկութիւնը: Լրագրողներու հարցումին ի պատասխան` ան նաեւ նշած է, որ առողջական խնդիրներ չունի եւ հայկական բանտին մէջ ալ իրեն հետ լաւ վարուած են:

Անոր հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, թրքական դիւանագիտական ծառայութիւններուն, Ինթըրփոլին եւ իր որդւոյն ազատութեան համար ջանքեր գործադրած բոլոր մարմիններուն:

Այս պատմութիւնը առանձնակի հնչեղութիւն ստացաւ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթի լրագրող Իսմայիլ Սայմազի յօդուածէն ետք, որուն համաձայն, Թուրքիոյ նախագահը Ալին վերադարձնելու հարցով հեռաձայնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, վերջինս ալ համաձայնած է ազատ արձակել տղան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան հերքած էր այդ տեղեկութիւնը: Աւելի ուշ վարչապետ Փաշինեան եւս յայտնած էր, որ այդ լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան: Ի պատասխան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` ան նշած էր, որ Էրտողանի հետ որեւէ խօսակցութիւն տեղի չէ ունեցած:

Էօզմեն Թուրքիա – Հայաստան սահմանը կտրած էր 24 յուլիսին եւ երկու ամիսէ ի վեր կը պահուէր հայկական բանտին մէջ: Կարսի Աքիաքա գաւառի Քիւչիւքտուրտուրան գիւղի բնակիչին համաձայն, ան այդ օր արօտավայրէն անասունները տուն բերելու գացած էր, եւ սահմանային Շիշ բլուրը անցնելով անզգուշաբար մուտք գործած էր Հայաստանի տարածք:

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հինգշաբթի օր հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով կտրած Թուրքիոյ անչափահաս քաղաքացիին նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու` 25 սեպտեմբերին որդեգրուած որոշումին մասին: Ըստ հաղորդագրութեան, որոշումը տրուած է` հիմնուելով մարդասիրական սկզբունքներու վրայ եւ հաշուի առնելով, որ Ումութ Ալի Մուսթաֆա Էօզմենը անչափահաս է, տուած է ճշմարիտ տեղեկութիւններ դէպքին առնչութեան բոլոր հանգամանքներուն վերաբերեալ եւ անկեղծօրէն զղջացած է կատարուածին համար:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Կարելի Է Լուծումի Յանգիլ, Իսկ Արտաքին Գործօններ Կը Խոչընդոտեն Ռուսական Նախաձեռնութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Յայտարարեն. «Տագնապի Համապարփակ Լուծումը Զիջումներ Կը Պահանջէ Բոլոր Կողմերէն»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.