Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի. Կեդրոնական Պաշտօնական Տօնակատարութիւններ

September 29, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2018 տարին կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին: 19-էն 29 յուլիս 2018 երկարող 10 օրերը նուիրուած էին միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն եւ տօնախմբութիւններուն, ինչպէս նաեւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին, զորս ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, իր հիմնադրութեան օրերէն` միշտ երազած էր իրականացնել հայրենի հողին վրայ:

Այսպէս`

. Հինգշաբթի, 19 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնն ու 110 մասնաճիւղերու անուններով յուշաքանդակի բացումը` Բիւրականի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի բանակավայրին մէջ:

. Ուրբաթ, 20 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.

Դրօշակի բացման արարողութիւն` Ծիծեռնակաբերդի շրջափակին մէջ:
Ջահավառութիւն եւ ծառատնկում` Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
Ցուցահանդէս Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, նուիրուած` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին, որուն ընթացքին հրապարակուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի թանգարանի ալպոմը:

. Շաբաթ, 21 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.

Հիմնադիրներու դիմաքանդակներու բացում` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնի մուտքին:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներու կողմէ տողանցք` Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակի վրայ: Սոյն տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շրջաններէն Երեւան եկած նախկին խմբապետ-խմբապետուհիներու խումբն ու ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտները:

. Կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին Եռաբլուրի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ական նահատակներու եւ հանգուցեալներու հոգւոյն նուիրուած հոգեհանգիստ, որուն աւարտին ծաղիկներ զետեղուեցան Եռաբլուր թաղուած բոլոր հերոսներուն եւ նահատակներուն շիրիմներուն:

. Երկուշաբթի, 23 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.

Վահան Չերազի արձանի բացում, Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակի Վահան Չերազ փողոցի սկիզբը:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներու կողմէ տողանցք` Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ:

. Երեքշաբթի, 24 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հանրային պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի Ա. Սպենդիարեանի անուան դահլիճին մէջ` բարձր նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց ու Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ականներու եւ հոծ բազմութեան:

Պաշտօնական ընթրիք` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, պետական այրերու, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի 10 կնքահայրերուն, նուիրատուներուն, հիւրերուն եւ շրջաններու ներկայացուցիչներուն:

. Հինգշաբթի, 26 յուլիս 2018 տեղի ունեցան.

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի նամականիշի մեկնարկ:
Գիտաժողով` նուիրուած ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան, կազմաւորման, տարածման եւ դերակատարութեան:

. Ուրբաթ, 27 յուլիս 2018-ին Օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգի գերագոյն զոհաբերութեան յիշատակում եւ յեղափոխական երգերու ելոյթ` կատարողութեամբ Գառնիկ Սարգիսեանին:

. Շաբաթ, 28 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցան.

Դրօշակի փակման արարողութիւն եւ դրօշակներու փոխանակում` Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ, Ծիծեռնակաբերդի շրջափակին մէջ:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի պաշտօնական փակում` Բիւրականի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի բանակավայրին մէջ:

. Կիրակի, 29 յուլիս 2018-ին տեղի ունեցաւ 100-ամեակի փակման Յաղթանակի պարահանդէս` «Փարաւոն» ճաշարանին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 2000 ՀՄԸՄ-ականներու:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ իր աւարտին հասցուց միութեան 100-ամեակի կեդրոնական հանդիսութիւնները, այս առիթով ալ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, զոյգ վեհափառ հայրապետներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, սփիւռքի նախարարութեան, ՀՅԴ Բիւրոյին, պետական բոլոր կառոյցներուն, 100-ամեակի 10 նախագահներուն, նուիրատուներուն, մամուլին, քարոզչական միջոցներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ու Մեկուսի բոլոր վարչութիւններուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը իր 100-ամեայ պանծալի պատմութիւնը յիշեց եւ յիշեցուց աշխարհին: Յաջորդ փուլը` աշխարհասփիւռ կառոյցի շրջաններուն մէջ պաշտօնական ձեռնարկներով 100-ամեակի տօնակատարութիւններու իրագործումն է: Ապա, դէպի նոր 100-ամեակներ, նորանոր նուաճումներ եւ նորանոր յաղթանակներ արձանագրելու վճռակամութիւնը, որպէսզի իրականանայ «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագան»:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց «Գարակէօզեան»-ի Եւ «Ճինիշեան»-ի Կեդրոնները

Յաջորդը

Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գործ Եւ Գանձ» Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.