Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Դ – Առանց Դպրոցի Դպրոցը
Կարգ մը աղքատ երկիրներու մէջ դպրոց գացող մանուկները… դպրոց չունին: Օրինակի համար, Փաքիստանի մէջ կարգ մը աշակերտներ դասերու կը հետեւին հանրային պարտէզի մը մէջ. անոնք հոն է, որ կ՛աշխատին ամբողջ օրը, որովհետեւ կառոյցներ չկան զիրենք ընդունելու համար:
Պանկլատէշի մէջ, երբ քանի մը օր տեւող եւ ողողումներ պատճառող սաստիկ անձրեւներու եղանակը կու գայ, հազարաւոր դպրոցներ կը գոցեն իրենց դռները: Հետեւաբար նաւակներ կը շրջագային հաւաքելու համար աշակերտները, եւ դասերը տեղի կ՛ունենան այդ նաւակներուն վրայ…
Ե – Բոլորը` Խոհանոցին Մէջ
Իսլանտայի մէջ խոհանոցը մաս կը կազմէ դպրոցական ծրագիրին: Պատմութեան եւ թուաբանութեան կողքին, 7 – 13 տարեկան բոլոր աշակերտները այս նիւթին կը հետեւին: Շաբաթը անգամ մը անոնք կ՛երթան դպրոցին խոհանոցը եւ գործի կ՛անցնին: Սակայն, ուշադրութի՛ւն, այս նիւթին դասաւանդութիւնը շատ լուրջ է, աշակերտները պարզապէս համով ճաշեր պատրաստել չեն սորվիր, այլ անոնք կը սորվին մասնաւորաբար հաւասարակշռուած կերպով ուտել շատ չգիրնալու համար, եւ յատկապէս` առողջ ըլլալ:
Համով ճաշեր պատրաստել սորվելու կողքին, փոքրիկ իսլանտացիները կը սորվին նաեւ, թէ ո՛ր ուտելիքները առողջութեան համար լաւ են, եւ թէ` որոնցմէ պէտք է հեռու մնալ, ինչպէս նաեւ` ուտելիքի հետ կապուած հիւանդութիւններու մասին, ինչպէս` շաքարախտը, շատակերութիւնը կամ ուտելէ դադրելու վիճակը:
Զ – Զիրար Լսենք
Դանիոյ մէջ ամէն շաբաթ բոլոր աշակերտները կը հետեւին յատուկ դասի մը, որուն ընթացքին անոնք կը սորվին հասկնալ դիմացինին զգացածը: Մէկ ժամուան ընթացքին անոնք կը վիճաբանին, կը խօսին իրենց զգացածին մասին, խնդիրներուն մասին, այն մասին ի՛նչ կը սիրեն, ի՛նչ չեն սիրեր… Անոնք զիրար մտիկ կ՛ընեն եւ միասին լուծումներ կը փնտռեն, երբ հարց մը գոյութիւն ունի: Այս նիւթը ստիպողական է 6 – 16 տարեկան աշակերտներուն համար:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Պաղ ջուրը աւելի ծանր կը կշռէ, քան` տաք ջուրը:
– Մարդ արարածը կրնայ միայն մէկ շաբաթ առանց ջուրի ապրիլ:
– Ճարտարապետներ յղացած են շէնք մը Տուպայի համար, որ պիտի կոչուի «Տա Վինչի թաուր»: Ան անդադար պիտի փոխէ իր ձեւը: Շէնքէն իւրաքանչիւր յարկ ամէն 90 վայրկեանը անգամ մը լման շրջան մը պիտի ընէ ինքն իր վրայ:
– Ուքրանիոյ մէջ աղը բարեկամութեան աւանդական խորհրդանիշն է:
– Հին եգիպտացիները արդէն ձմերուկ կ՛ուտէին 5000 տարիներ առաջ:
– Մինչեւ 1900-ական թուականներու սկիզբը լման հնդկընկոյզը իբրեւ դրամ կը գործածուէր Թայլանտի արեւմուտքը` Հնդկաց ովկիանոսին մէջ գտնուող Նիքապար կղզիներուն մէջ:
– Տերեւները աշնան իրենց գոյնը կը փոխեն, որովհետեւ ցերեկները աւելի կարճ են, իսկ գիշերները` աւելի երկար: Այս պատճառով ծառերը կը դադրին քլորոֆիլ արտադրելէ: Քլորոֆիլը տերեւներուն կ՛օգնէ սնունդ արտադրելու եւ անոնց կու տայ կանաչ գոյնը:
– Ամէն սեպտեմբերին Մատերա կղզիներուն Փորթօ Սանթօ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Քրիստափոր Քոլոմպոսին նուիրուած մէկշաբաթեայ փառատօն մը: Անոր անդրանիկ զաւակը ծնած էր այդ քաղաքին մէջ:
Եանկ Եանկ Նկարիչ Փանտան
Եանկ Եանկը էգ փանտա մըն է, որ կ՛ապրի Աւստրիոյ Շոնպրոնի կենդանաբանական պարտէզին մէջ: Ան ունի նախասիրած ժամանց մը. նկարչութիւնը:
Իրեն համար յատուկ շինուած պամպու եղէգէ վրձինով մը ան օրական կ՛արտադրէ երեքէն ութ «գեղանկար»: Իւրաքանչիւր նկար վերջացնելէ ետք, իրմով զբաղող անձերը անոր քանի մը կտոր բանջարեղէն կու տան զայն քաջալերելու համար: Անոր գործերը ծախու պիտի դրուին համացանցին վրայ, 460 եւրոյի: Այս ձեւով հաւաքուած դրամը պիտի գործածուի տպելու համար փանտաները պահպանելու ի նպաստ գիրք մը:
Հագուստներու Փոխանակում
Քարիւղէն ետք հագուստներու ճարտարարուեստն է, որ ամէնէն շատը կ՛ապականէ մեր մոլորակը: Գիտէի՞ք, թէ մէկ թի-շըրթի մը պատրաստութիւնը կը կարօտի 70 լոգանքի ընթացքին գործածուած ջուրի քանակին:
Սիտնի բնակող աւստրալիացի Սառա Ֆրիման մտադրած է պայքարիլ ասոր դէմ: Ան բացած է հագուստներու իւրայատուկ խանութ մը:
Այս ձեւով, հոն յաճախորդները հագուստները չեն գներ, այլ փոխ կ՛առնեն եւ երբ այլեւս չեն գործածեր կամ կ՛ուզեն փոխել, անոնք հագուստը խանութ կը վերադարձնեն: Ասիկա ալ լաւ ձեւ մըն է` վատնումի դէմ պայքարելու եւ նոյն ատեն մեր մոլորակը պահպանելու:
Կերպընկալէ Տոպրակները
Արգիլուած Են
Սեպտեմբեր 3-էն սկսեալ Չիլի դարձած է Հարաւային Ամերիկայի առաջին երկիրը, որ կ՛արգիլէ կերպընկալէ տոպրակներուն գործածութիւնը սուփըրմարքեթներուն մէջ: Ասիկա իսկական յեղաշրջում մըն է այս երկրին մէջ, ուր ամէն տարի կը գործածուին 3,4 միլիառ կերպընկալէ տոպրակներ, որոնք յաճախ իրենց կեանքը կը վերջացնեն ծովուն մէջ:
Աշխարհի մէջ մօտաւորապէս վաթսուն երկիրներ արդէն արգիլած են կերպընկալէ տոպրակներու գործածութիւնը:
«Անգլերէնի Ուսուցիչս
Մարդամեքենայ Մըն Է»
Ճափոնի մէջ, ժողովուրդը օտար լեզուներ խօսիլ շատ չի գիտեր: Այս խնդիրը լուծելու համար կառավարութիւնը որոշած է, որ անգլերէնի դասաւանդութիւնը ստիպողական պիտի ըլլայ 10 տարեկանէն սկսեալ, 2020 թուականէն, մինչ ներկայիս 12 տարեկանէն սկսեալ է: Սակայն այս պարագային մեծ հարց մը կը ծագի. անգլերէնի բաւարար թիւով ուսուցիչներ չկան երկրին մէջ:
Հետեւաբար պատասխանատուները որոշած են փորձ մը կատարել. մարդամեքենաներ գործածել: Մինչեւ 2019 ապրիլ 500 նախակրթարաններու մէջ դասերը պիտի տրուին մարդամեքենաներու կողմէ: Կրթութեան նախարարութիւնը կը բացատրէ, որ այդ մարդամեքենաները ունին զանազան առաւելութիւններ: Օրինակի համար, անոնք կրնան ստուգել իւրաքանչիւր աշակերտի հնչիւնը: Սակայն արդեօ՞ք անոնք պիտի կարենան կառավարել քիչ մը անհանդարտ աշակերտները…
Ճափոնը միակ երկիրը չէ, որ մարդամեքենաներ կը գործածէ դպրոցներու մէջ: Ուրիշ դպրոցներու մէջ մարդամեքենաները կը գործածուին իբրեւ ուսուցիչի օգնական: Անոնք կրնան գործածուիլ բազմաթիւ նիւթեր սորվելու համար, յատկապէս` համակարգիչի լեզուն: Աշակերտները կրնան գրել համակարգիչի ծրագիրներ` իրենց մարդամեքենային կարելիութիւնները բարելաւելու համար:
Ժամանց













