Պաթումի մէջ երէկ շարունակուեցան ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի խաղերը, երբ կատարուեցան 4-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը եւ ցարդ կը մնան բնականաբար անպարտելի:
Տղոց կազմը, որ մրցեցաւ Յունաստանի դէմ, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Առաջին խաղատախտակին վրայ յաղթանակ արձանագրեց Լեւոն Արոնեան, չորրորդին վրայ` Հայկ Մարտիրոսեան, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան` հաւասարութիւններ:
Հայրենի կազմը Ֆրանսայի, Իսրայէլի, Ազրպէյճանի, Լեհաստանի, Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Չեխիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ կը բաժնէ առաջին դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց կազմին, անիկա 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ: Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան յաղթեցին, Մարիա Քուրսովա հաւասարեցաւ, մինչ Աննա Սարգսեան` պարտուեցաւ:
Հայաստանի աղջկանց խումբին նման ցարդ անպարտելի են Չինաստան, Մոնկոլիա, Ուքրանիա եւ Վրաստան:
5-րդ հանգրուանին Հայաստանի տղոց կազմը կը մրցի Ազրպէյճանի դէմ, իսկ աղջկանց կազմը` Չինաստանի դէմ:



