Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Օկզպուրկ եկաւ կասեցնելու ախոյեան Պայէրն Միւնիխի յառաջխաղացքը, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այսպիսով, Պայէրն կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին 2 կէտը` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին չորս մրցումներուն արձանագրած էր չորս յաղթանակ:
Այս հանգրուանին մեծագոյն յաղթականը եղաւ Պորուսիա Տորթմունտ, որ անխնայ եղաւ իր հիւրին` Նիւրեմպերկի նկատմամբ, 7-0 արդիւնքով շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրելով:
Տորթմունտ այժմ 2 կէտով ետ կը մնայ Պայէրնէն:



