Գերմանիոյ երկրորդ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Եան Ռեկենսպուրկ, որ հիւրընկալեց Հայտընհայմը, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան դարձեալ կոլ մը նշանակեց յաղթական խումբին հետ, երբ 6-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը:
Այժմ Եան Ռեկենսպուրկ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:
Ադամեան Համպուրկի դէմ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանին հեթրիք մը իրագործած էր:



