Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին. Փաշինեան. «Եթէ Ազրպէյճանը Իսկապէս Հաւատարիմ Է Խաղաղ Գործընթացին, Պէտք Է Սկսի Երկխօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հետ»

September 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կը շարունակէ գերակշռել Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին: «Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնները բանակցային գործընթացին: Տագնապը զինուորական ճամբով  լուծելու որեւէ փորձ ուղղակի սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար: Հայաստանը պիտի շարունակէ իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը տագնապի լուծման խաղաղ գործընթացին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով, որուն ալ տրուած է տագնապի խաղաղ լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ իրաւագիրը: Ազրպէյճանը պէտք է փոխէ բանակցութիւններուն նկատմամբ իր անյարգալից վերաբերմունքը, պէտք է լիովին հրաժարի ցանկացած ռազմական լուծման գաղափարէն եւ իրագործէ բոլոր նախորդ համաձայնագիրները», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ եթէ Ազրպէյճանը իսկապէս հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, պէտք է սկսի երկխօսիլ այս տագնապի հիմնական տիրոջ` Լեռնային Ղարաբաղի հետ: «Ազրպէյճանը ամէն առիթով կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ իր տարածքին մէկ մասը: Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ, որ պիտի չբանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւն ներկայացնել առանց նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի  հետ երկխօսելու: Ատիկա կարելի՞ է: Ատիկա կարելի է, եթէ միայն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կը հետաքրքրէ ոչ թէ ժողովուրդը, այլ` բուն տարածքը: Այսպիսով, ակնյայտ կը դառնայ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մտադրութիւնը այն է, որ Ղարաբաղը մաքրուի հայերէ, ինչպէս եղաւ Նախիջեւանի մէջ: Ասիկա իրաւունք կու տայ Լեռնային Ղարաբաղին ըսելու, որ Ազրպէյճանի մաս կազմելը Ղարաբաղի բնակչութեան համար կը նշանակէ լիակատար բնաջնջում: Հետեւաբար Ղարաբաղը պէտք չէ ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եթէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր թոյլ տալ հայ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութիւն: Ամփոփելով` թոյլ տուէք վերահաստատել. տագնապը կրնայ եւ պէտք է լուծուի միայն կողմերու փոխադարձ զիջումներուն միջոցով` խաղաղութեան եւ ո՛չ թէ պատերազմի մթնոլորտի մէջ», ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:

Ելոյթի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը չափազանց կարեւոր նկատած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն եւ մօտեցումներուն հանդէպ իր անվերապահ աջակցութեան համար:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Հասան Ռուհանիի Հանդիպումը

Յաջորդը

Ակնարկ. Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.