Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման Առիթով Ընդունելութիւն` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Հրաւէրով

September 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման առիթով ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը կը ներկայացնէր նախարար Նիքոլա Թուէյնին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնին, իսկ  վարչապետ Սաատ Հարիրին` նախարար Ժան Օղասապեանը: Ներկայ էին նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, համայնքապետներ, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, լիբանանահայ համայնքի ազգային կառոյցներու ղեկավարներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան, որ ողջունեց եւ շնորհաւորեց ներկաները` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով, ապա նշեց, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ է դիւանագիտական աւելի քան երկու տասնամեակի յարաբերութիւն, որ առաւել եւս ամրապնդուեցաւ այս տարուան սկիզբը Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեամբ, որ պիտի կրկնուի հոկտեմբերին` Ֆրանսախօսութեան միջազգային խորհրդաժողովին առիթով նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան մեկնումով: Մ. Եարտըմեան դիտել տուաւ, որ երկկողմանի աշխատանք կը տարուի այս կապը աւելի եւս զարգացնելու` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական բնագաւառներու փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ:

Ապա իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր անկախութեան տիրացման համար պայքարելու սկսաւ 1918 թուականին` 6 հարիւր տարուան պետականութեան բացակայութենէ ետք, այսպիսով սկիզբ դնելով հայոց պատմութեան նոր փուլի մը: Ան հաստատեց, որ այս տարի աշխարհի չորս ծագերուն համայն հայութիւնը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ նշեց անկախութեան 100-ամեակը:

Դեսպանը դիտել տուաւ, որ 1991-ին Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը այդքան ալ դիւրին ու հեզասահ չեղաւ, հայութիւնը իր ջանքերը ի գործ դրաւ պետական կառոյցներու ամրապնդման, ժողովրդավարութեան հաստատման եւ կայուն տնտեսութեան ստեղծման ի խնդիր: Ապա ան անդրադարձաւ այս տարուան գարնան տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան` նշելով, որ ժողովուրդին աջակցութիւնը վայելող վարչապետին եւ անոր գործունէութեան դիմաց կան մեծ առաւելութիւններ դրական փոփոխութիւն կատարելու, եւ նոր կառավարութիւնը արդէն իսկ ձեռնարկած է փտածութեան դէմ արշաւի, պետական կառոյցներու շահագործման կասեցման: Ըստ Ս. Մկրտչեանի, հիմնական մարտահրաւէրը տնտեսական մակարդակի բարձրացումն ու այս բնագաւառին մէջ առանձնաշնորհեալ ըլլալու հանգամանքի վերացումն է` բոլորին հաւասար մօտեցման հիման վրայ:

Դեսպանը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ուր Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բազմամշակութային եւ բազմակողմանի ներգրաւուածութեան սկզբունքին` հիմնուելով փոխադարձ շահի վրայ եւ համահունչ  Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն: Անոր համաձայն, Հայաստան նաեւ հաւատարիմ կը մնայ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւններուն` միեւնոյն ատեն հաստատելով վստահելի գործընկերութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ:

«Մերձաւոր Արեւելքը, բազմաթիւ առումներով, հայ ժողովուրդին երկրորդ տունն է, մտահոգութեան աղբիւր է: Մենք մեծապէս կ՛աջակցինք շարունակուող տագնապներու խաղաղ լուծման քաղաքական գործընթացին, որով կարելի պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել», յայտնեց դեսպան Մկրտչեան: Ապա ան խօսեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին, որոնք նոր մակարդակի բարձրացան` նախագահ Աունի Հայաստան այցելութեամբ եւ Հայաստանի վարչապետին Լիբանան այցելութեամբ, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ, եւ անոնց գործադրութեան համար արդէն աշխատանք կը տարուի: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան տեղեկացուց, որ նախորդ տարի մեծապէս աճած է լիբանանցի զբօսաշրջիկներուն Հայաստան այցելութեան հոսքը, որ կը պահպանուի այս տարի ալ` հաստատելով, որ յարաբերութիւններու ամրապնդման ճիգը պիտի շարունակուի ռազմական, գիւղատնտեսական, դատական, տեղեկատուական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Անոր համաձայն, այս առումով մեծ է լիբանանահայութեան ներդրումն ու դերակատարութիւնը:

Դեսպանը դիտել տուաւ, որ հոկտեմբերին Լիբանանի նախագահը Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային խորհրդաժողովին, որ մեծ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի համար:

Աւարտին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պատուոյ հիւրերուն հետ միասնաբար հատեց անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով պատրաստուած կարկանդակը:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Նախագահեց Հանրապետական Մաղթանքին

Յաջորդը

Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Պիտի Շարունակեն Իտլիպի Հարցով Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.