Շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն:
Ներկայ էին Այնճարի պատկան մարմինները. ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ողջ կազմը, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, թաղական խորհուրդն ու տիկնանց միութիւնը, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ:
Նախարարին այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Այնճարի պատմութեան, կեանքին եւ առօրեային:



