Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործնական Գետնի Վրայ Պատերազմական Իրավիճակի Աւարտը Յայտարարելով. Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաները Պատմական Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

September 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային եւ Հիւսիսային Քորէաներու ղեկավարները աւարտած են բանակցութիւններու երկրորդ փուլը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի վարչակազմի ներկայացուցիչին:

«Դէմ առ դէմ» ձեւաչափով տեղի ունեցած բանակցութիւնները սկսած են տեղական ժամանակով ժամը 10:00-ին եւ աւարտած 11:10-ին:

Կը հաղորդուի, որ Փիոնկիանկի մէջ կայացած երրորդ միջքորէական վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք, Հիւսիսային Քորէան եւ Հարաւային Քորէան զինուորական ոլորտի համաձայնագիր կնքած են:

Փաստաթուղթը երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ ստորագրած են Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Սոն Եոն Մուն եւ Հիւսիսային Քորէայի ժողովրդական զինեալ ուժերու նախարար Նէ Կվան Չխոլ:

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը Հարաւային Քորէայի նախագահին հետ իր հանդիպումէն ետք կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ իր պաշտօնակիցին խոստացած է մօտիկ ապագային այցելել Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք` Սէուլ:

Նշենք, որ այդ քայլը Քորէական թերակղզիի մասնատումէն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ:

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Ըն համաձայնած է միջազգային քննիչներուն արտօնել հետեւիլ հրթիռային կայաններու կազմաքանդման աշխատանքներուն ընթացքին: Բացի ատկէ, ան համաձայնած է սառեցնել հիւլէական եւ հրթիռային փորձարկումներու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պարտաւորութիւն ստանձնած` Հարաւային Քորէայի հետ յարաբերութիւններու հետագայ բարելաւման ուղղուած քայլերու ձեռնարկելու:

Երկու Քորէաներու ղեկավարները համակարծիք են, թէ Քորէական թերակղզին պէտք է ըլլայ ապահիւլէականացած, խաղաղ երկիր` առանց հիւլէական սպառնալիքներու:

Կողմերը համաձայնած են ապազինեալ գօտիներ ստեղծել ցամաքային եւ ջրային սահմաններուն վրայ` այդպիսով նուազեցնելով զինուորական լարուածութիւնը:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Սէուլ եւ Փիոնկիանկ կը պատրաստուին մինչեւ դեկտեմբեր ապազինեալ գօտիէն հեռացնել 11 պահակակէտերը, ստեղծել միացեալ զինուորական յանձնախումբ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Քորէական թերակղզիի վրայ զինուորական գործողութիւններու կանխարգիլումը:

Յատկանշական է, որ Քիմ Եոնկ Ըն եւ Մուն Չժէ Ին համաձայնած են միացեալ դիմում ներկայացնել` 2032-ի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու իրաւունք ստանալու համար:

Հարաւային Քորէայի նախագահութեան բանբերը երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ երկու Քորէաներու ղեկավարները իրենց վեհաժողովի ընթացքին գոյացուցած համաձայնութեամբ պատերազմական իրավիճակի աւարտը յայտարարեցին:

 

Նախորդը

21 Սեպտեմբեր 2018. Վերանկախութեան 27-րդ Տարեդարձը

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Եւ Դամասկոս Կրնան Փորձել Խափանել Իտլիպի Շուրջ Փութին-Էրտողան Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.