Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արամ Մանուկեան. Նամականի» Գիրքին Շնորհահանդէսը Շուշիի Մէջ

September 15, 2018
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 11-ին Շուշիի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան շէնքին մէջ, կայացած  է Երուանդ Փամպուքեանի «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Անիկա Արամ Մանուկեանի տասնամեայ (1904-1915) նամակագրութիւնն է`  ամբողջական բովանդակութեամբ ու ժամանակագրական հերթականութեամբ:

Հայոց պետականութեան հիմնադիրի կեանքին ու գործունէութեան մէկ ժամանակաշրջանը ներկայացնող գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, գիրքի հեղինակ Երուանդ Փամպուքեանը, ընթերցասէրներ, լրագրողներ:

Սկսելով ձեռնարկը` Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը նշած է, որ գիրքին մէջ կը ներկայացուի ոչ միայն այդ ժամանակաշրջանի հայկական իրականութիւնը, այլ նաեւ լոյս  կը սփռուի Արամ Մանուկեանի անձնաւորութեան վրայ: «Գիրքին մէջ զետեղուած 354 նամակները մեծ մասամբ անտիպ են, որոնցմով լուսարձակի տակ կ՛առնուին Արամ Մանուկեանի կերպարը», իր խօսքին մէջ  ըսած է Հերմինէ Աւագեանը:

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը նշած է, որ պատահական չէ գիրքի շնորհահանդէսի կազմակերպումը Արամ Մանուկեանի ծննդավայր Շուշիի մէջ, որ անկասկած մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ քաղաքական ու յեղափոխական գործիչի ձեւաւորման գործին մէջ: Նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ պատմութեան անխոնջ ուսումնասիրող Երուանդ Փամպուքեանին` կատարած աշխատանքի համար:

Գիրքին հեղինակը ներկաներուն հետաքրքիր մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արամ Մանուկեանի կեանքի մասին` շեշտելով, որ ան անանձնական, համեստագոյն, նուիրեալ, համբերատար մարդ էր: Ան ահաւոր յօդացաւեր ունէր, բայց աշխուժօրէն կը մասնակցէր յեղափոխական պայքարին, դարձած էր բոլոր վանեցիներու սիրելին, հակառակ անոր որ վերջիններս այնքան ալ չէին սիրեր եկուորները:

Արցախի պետական համալսարանի փրոֆեսէօր Արարատ Վարդանեանը կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւն մը եւ` շեշտած, որ Արամ Մանուկեանն իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդին, պայքարած ժողովուրդի ազատութեան համար, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման համար, եւ տպագրուած գիրքով ընթերցողները նոր տեղեկութիւններ կրնան ստանալ ազգանուէր գործիչին մասին:

Շնորհահանդէսը կայացած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի համագործակցութեամբ: Անիկա նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին:

 

Նախորդը

Հայ Բեմում Յաւերժող Շէյքսփիրը

Յաջորդը

«Սխալ Քայլերը Շեղելու Են Ճիշդ Ճանապարհից» Արսէն Համբարձումեան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.