Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Թեհրանը Իրաքի Մէջ Ամերիկացի Դիւանագէտներու Դէմ Յարձակում Գործելէ

September 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտնած են, որ իրաքեան Պասրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ յարձակման պատասխանատուութիւնը կը կրէ Իրանը:

«Տը Հիլ» կը նշէ, որ Սպիտակ տունը սպառնացած է Թեհրանին «արագ ու վճռական» պատասխան տալ` ամերիկացի դիւանագէտներու նկատմամբ հաւանական յարձակման պարագային:

Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներ իրենց քաղաքացիներու կեանքը պաշտպանելու համար դաժան ու վճռական պատասխան պիտի տան»:

«Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին մենք ականատես եղած ենք Իրաքի մէջ տեղի ունեցող եւ մարդոց կեանքին սպառնացող յարձակումներու, որոնք ուղղուած եղած են Պասրայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան եւ Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դէմ: Իրան որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած կանգնեցնելու համար Իրաքի մէջ իր դրածոները, որոնց ելեւմտական օժանդակութիւն կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ զանոնք կը մարզէ եւ զէնքով կը մատակարարէ», յայտարարած է Սպիտակ տունը:

Յայտնենք, որ 3 սեպտեմբերէն ի վեր իրաքեան Պասրա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենան զանգուածային անկարգութիւններ: Հազարաւոր ցուցարարներ կը կատարեն անժամկէտ բողոքի ցոյցեր, որոնք կը վերածուին ապահովական մարմիններու հետ բախումներու: Անոնք իշխանութիւններէն կը պահանջեն բարելաւել ըմպելի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման առնչուած խնդիրները: Բացի ատկէ, անոնք դժգոհ են անգործութեան մակարդակէն ու ենթակառուցուածքներու ներկայ վիճակէն:

Նշենք, որ ցուցարարները նաեւ հրկիզած են Պասրայի մէջ Իրանի հիւպատոսարանը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Պասրայի մէջ վերջերս արձանագրուած անկարգութիւնները շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներուն վարած քաղաքականութեան հետեւանքն են:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անցեալ Տարուընէ Ի Վեր Լոպիինկ Կատարող 21 Ընկերութիւն Աշխատած Է Թուրքիոյ Օգտին

Յաջորդը

«Իտլիպի Ճակատամարտը Կարելի Է Յետաձգել, Սակայն Ահաբեկիչներուն Հետ Համակեցութիւնը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Լաւրենթեւ

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.