Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանն Ու Վրաստանը Կը Թեւակոխեն Պատմութեան Շրջան Մը, Զոր Կարելի Է Բնութագրել Իբրեւ Եղբայրական Եւ Գործընկերային»

September 11, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 10 սեպտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Հայաստանի նախագահը տեսակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի ու Վրաստանի բարեկամութիւնը պատմական խոր արմատներ ունի, իսկ այսօր կը թեւակոխեն նորագոյն պատմութեան շրջան մը, զոր առանց վարանելու կարելի է բնութագրել իբրեւ եղբայրական եւ գործընկերային: Ան դիտել տուած է, թէ ներկայիս երկու երկիրներուն քաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, սակայն առկայ է չօգտագործուած մեծ ներուժ, յատկապէս` տնտեսութեան ոլորտին մէջ` վստահեցնելով, որ  այս այցելութիւնը նոր խթան պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու:

Վրաստանի վարչապետը յատկանշական նկատած է այն, որ այս տարի թէ՛ Հայաստանը, եւ թէ՛ Վրաստանը կը նշեն իրենց անկախութեան հռչակման 100-ամեակը: Ան դիտել տուած է, որ քաղաքական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, սակայն տնտեսական բնագաւառին մէջ եղած չօգտագործուած ներուժէն օգտուելու հրամայական կայ` աւելցնելով, որ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները այս առնչութեամբ տեսակցութիւններ ունեցած են հայկական համապատասխան կողմերուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդգծած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է համագործակցութեան լայն դաշտ, եւ երկուստեք փոխադարձ գործակցութիւնը ընդլայնելու ձգտում ունին: Մասնաւորաբար նշուած է գիտութեան, կրթութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան այլ ոլորտներուն մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման կարեւորութիւնը:

***

Վարչապետ Փաշինեանին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին եւս տնտեսական առումով յարաբերութիւններուն զարկ ու թափ տալու խնդիրը առաջադրուած է: Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուած է, որ փոխադարձ այցելութիւնները կրած են եւ պիտի շարունակեն կրել պարբերական բնոյթ: Ըստ անոր, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ` փոխադրութեան, տնտեսական, քաղաքական փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ յոյսեր կան, որ այցելութեան իբրեւ արդիւնք նոր խթան կը ստանան քաղաքական, մարդասիրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները:

Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ Վրաստանի պաշտօնակիցին կողմէ առաջարկուած է բաւական յաւակնոտ ծրագիր, որ հայկական կողմին համաձայնութեան արժանացած է: «Յստակ մարտահրաւէր դրուած է յառաջիկայ տարիներուն փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը հասցնել 1 միլիառ տոլարի մակարդակի: Ասիկա յստակ խնդիր է, որուն նկատմամբ կրնանք բոլորս կողմնորոշուիլ, ունենալ յստակ ճանապարհային քարտէս եւ պայմանաւորուած քայլերով ուղղուիլ դէպի հարցի լուծում», ըսած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային հայ-վրացական միջկառավարական յանձնախումբի նիստ գումարելու, եւ հոն ունենալ ճանապարհային քարտէս առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները, քաղաքական, մարդասիրական, մշակութային, կրթական յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:

Նոյն օրը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Վրաստանի վարչապետը յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ ծաղիկներ` անմար կրակին մօտ:

Նախարարը նաեւ խորհրդանշական եղեւնի տնկած է Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ:

Նախորդը

«Մենք Արամի Տեսակն Ենք». ՀՅԴ-ի Քարոզարշաւի Մեկնարկը Տրուեցաւ Արամ Մանուկեանի Արձանին Առջեւէն

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.