Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

778 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

September 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր հսկողութեամբ եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու պատասխանատու գերագոյն յանձնախումբին գործակցութեամբ, երէկ Լիբանանի մէջ գտնուող 778 սուրիացի տեղահանուածներ դէպի Սուրիա ապահով տունդարձ կատարեցին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հայրենիք վերադարձող սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան տարբեր շրջաններէն հասած են իրենց համար ճշդուած հետեւեալ կեդրոնները` Սայտա, Նապաթիէ, Շեպաա, Մասնաա, Պուրճ Համուտ, Ապպուտիէ, Պաքիյա, Թրիփոլի եւ Արսալ:

Սուրիացի տեղահանուածները վերոնշեալ կեդրոններէն Մասնաայի, Ապպուտիէի եւ Զամարանիի անցքերով ուղղուած են Սուրիա:

Նշենք, որ Սուրիացի աշխատաւորներու լիկայի նախագահ Մոհամետ Քարաֆ յայտնեց, որ սուրիացի քաղաքացիները Լիբանանի հիւանդանոցներու մուտքին կը սպասեն, եւ ՄԱԿ անոնց նկատմամբ հոգատարութիւն չի ցուցաբերեր, ոչ իսկ անոնց սննդեղէն, դեղորայք կամ ջեռուցման միջոցներ կ՛ապահովէ:

Քարաֆ աւելցուց, որ սուրիացի երեխաները լիբանանեան պետական դպրոցներուն մէջ պաշտօնապէս չեն արձանագրուած եւ կը սպասեն կրթութեան նախարարութեան որոշումին, իսկ կրթութեան նախարարութիւնը իր կարգին կը սպասէ ՄԱԿ-ի որոշումին:

«ՄԱԿ ցարդ իր համաձայնութիւնը չէ յայտնած լիբանանեան պետութեան, որ սուրիացի աշակերտները լիբանանեան պետական վարժարաններու մէջ արձանագրուին, եւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները հարց կու տան, որ արդեօք իրենց զաւակները պիտի կորսնցնեն իրենց ուսման տարեշրջանը: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր քաղաքացիներուն վերադառնալու Սուրիա, ուր դպրոցները բնականոն կերպով գործելու սեմին կը գտնուին եւ բաց են իրենց զաւակներուն դիմաց», հաստատեց Քարաֆ:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ սուրիացի աշխատաւորներու լիկայի նախագահ Մուսթաֆա Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի խորհուրդներով եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի գործակցութեամբ, լիկան Հըզպալլայի հետ կը պատրաստէ Սուրիա տունդարձ կատարող տեղահանուածներու անուանացանկերը: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ շաբաթ եւս հարիւրաւոր սուրիացի տեղահանուածներ պիտի վերադառնան իրենց հայրենիքը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պշաալէի Մէջ. Պասիլ Կը Հաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Չափանիշները Ճշդելու Գծով Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւունքը

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.