Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Սթրազպուրկ` ընդառաջելով Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանիի հրաւէրին:
Նախագահ Աուն Եւրոպական խորհրդարանի կեդրոնին մէջ, խորհրդարանի 2018-2019 աշխատանքային տարեշրջանի բացման առիթով երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին), պիտի արտասանէ խօսք մը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ եւրոպացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահ Աունի պիտի ընկերակցի նաեւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աունի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանը շաբաթ երեկոյեան նշեց իր հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:
Այս առիթով համալսարանի նախագահ հայր Փիեռ Նաժըմ մեծարեց նախագահ Աունը` անոր յանձնելով հասարակագիտութեան պատուոյ դոկտորականը եւ բարձր գնահատելով անոր ազգային աշխատանքներն ու նուաճած ուղեգիծը:
Նախագահ Աուն նշեց, որ խօսքի ազատութիւնը սուրբ իրաւունք է` աւելցնելով սակայն, որ կան նաեւ այլ սրբութիւններ, որոնք պէտք չէ բացակային, օրինակ` ճշմարտութիւնը, որ ազատութեան առաստաղն է: «Ուրեմն, առանց ճշմարտութեան, խօսքի ազատութիւնը կը վերածուի զրպարտութեան կամ բարոյական յարձակումի», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան իր միտքը շարունակեց ըսելով, որ մարդ արարածին վարքն ու արժանապատուութիւնը նաեւ սրբութիւններ են եւ կարելի չէ անոնց դէմ յարձակիլ, «հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ մէկուն հասցէին կատարուած լուտանքն ու վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ վարքը մրոտելու քայլերը խօսքի ազատութեան շրջագիծին մէջ չեն գտնուիր», հաստատեց նախագահ Աուն:
Ան յայտնեց, որ քաղաքական առողջ մրցակցութիւնը եւ տարակարծութիւնը ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւններն են, սակայն կարելի չէ տարակարծութիւնը թշնամանքի համազօր դարձնել, որովհետեւ քաղաքական հակառակորդը թշնամի չէ, այլ նոյն երկրին մէջ քաղաքական գործընկեր մը, որուն հետ կը գործակցիս հայրենիքին գերագոյն շահերը ապահովելու համար` նոյնիսկ եթէ ձեր մօտեցումները տարբեր են:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք մօտիկ ապագային կը նախատեսեն կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ այդ կառավարութեան օրով աշխատանքի տարբեր փուլ մը պիտի արձանագրուի Լիբանանի մէջ:



