Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Միացեալ Եւ Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանները

September 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ գործունէութեան: Այցելութեան սկզբնաւորութեան առաջնորդ սրբազանը շրջագայեցաւ եւ բաժանմունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու  Գրիգոր Էքմեքճեանէն եւ վարչական պատասխանատու Նելլի Վէքիլեանէն:

Ապա տեսչարանին մէջ սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը` Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան, Ազգային միացեալ վարժարանին մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն  Րաֆֆի Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն խորհուրդին հետ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը: Սրբազան հայրը ստացաւ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ խոստացաւ պարբերական դրութեամբ հետեւիլ վարժարանի աշխատանքներուն` նպաստելով անոր զարգացման ճիգերուն: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը մաղթեց, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը Ազգային միացեալ վարժարանին համար ըլլայ ինքնահաստատման եւ բեղուն գործունէութեան փուլ մը, որուն յաջողութեան մէջ կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն կողքին մեծ դեր ունին ծնողները:

Իսկ հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, ուր հանդիպումը կայացաւ տնօրէն խորհուրդի անդամներ Անի Բագրատունիի, Սրբուհի Ճենանեանի եւ Սեդա Պոյաճեանի հետ: Աշխատանքային հաւաքին խորհուրդի անդամները ներկայացուցին վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:

Սրբազանը յայտնեց, որ հայ դպրոցը լիբանանահայութեան գոյապահպանման մէջ ունի իր խիստ կենսական դերը, որուն աշխատանքը կ՛արժեւորուի եւ կ՛արդիւնաւորուի հաւաքական, ազգային ու անշահախնդիր մօտեցումներով: Այցելութեան աւարտին սրբազանը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարաններու ուսուցիչներուն հետ: Հաւաքին առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ հայ ուսուցիչը պաշտօնեայ չէ, այլ` առաքեալ, որ սերունդներու պատրաստութեան մէջ ունի սրբազան պարտականութիւն:

Նախորդը

4-7 Սեպտեմբեր 1922, Ժընեւ. «Հայասէրներու Միջազգային Լիկա»-ին Պատմական Համագումարը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.