Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան Ընդունած Է Սթրաթեժիոս «Եու. Էն. Տի. Փի.» Եւ Սիթրա Կազմակերպութիւններուն Մասնագէտները

September 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան 4 սեպտեմբերին ընդունած է ՍԹՐԱԹԵԺԻՈՍ, «Եու. Էն. Տի. Փի.» եւ ՍԻԹՐԱ  կազմակերպութիւններուն փորձագէտները:

Հանդիպման նպատակն էր քննարկել ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի («Եու. Էն. Տի. Փի.») կողմէ Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորմամբ Եւրոպական դրացնութեան գիւղատնտեսութեան եւ գիւղի զարգացման (ԷՆՓԱՐՏ) ծրագիրի ծիրին մէջ մեկնարկելիք «Հանրօգուտ ներդրումներ» («Սոշըլ իմփեքթ պոնտ») փորձնական ծրագիրը, որ կը վերաբերի Շիրակի մարզին մէջ կաթնարտադրութեան զարգացման: Ծրագիրի իրականացման հիմամբ թիրախային գիւղական տնտեսութիւններուն մէջ կ՛ակնկալուի կաթի արտադրողականութեան յաւելում եւ կաթի որակի բարձրացում:

Ծրագիրի արդիւնաւէտութեան ապահովման նպատակով պիտի սահմանուին յատուկ չափորոշիչներ, որոնցմով հետագային պիտի առաջնորդուին ծրագիրի շահառուները:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Արթուր Խաչատրեան տեղեկացուցած է, որ նմանատիպ ծրագիրի նախաձեռնելու մտայղացումը ունեցած է, երբ տակաւին Շիրակի մարզպետ էր: Նշելով, որ բարեյաջող ընթացքի պարագային այս ծրագիրի ծիրը պիտի ընդարձակուի` Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը միաժամանակ ընդգծած է պատրաստակամութիւնը սերտօրէն համագործակցելու եւ աջակցելու ծրագիրի պատասխանատուներուն:

Պատուիրակութեան անդամները իրենց կարգին նշած են, որ ծրագիրի մշակման ընթացքին նախատեսուած են խորհրդատուութիւններ նաեւ այլ պետական գերատեսչութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու ներկայացուցիչներու հետ:

Հիւրերը նաեւ շեշտած են, որ Շիրակի մէջ մեկնարկելիք «Հանրօգուտ ներդրումներ» նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ առաջինը շրջանին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ փորձառական ծրագիրի իրականացման ընթացքին ֆինանսական մեքանիզմներու կիրարկման, այլ նուիրատու կազմակերպութիւններու ներգրաւման, ծրագիրի շահառուներու ընտրութեան, չափորոշիչներու մշակման վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

 

Նախորդը

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախը Բանակցութեանց Մասնակից Դարձնելու

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Հայ-Ամերիկեան Տնտեսական Յարաբերութիւնները Նոր Որակական Մակարդակ Ունին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 8, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.