Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջավայրային Նախապայմաններ

August 31, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հին յանկերգի վերահնչումն է: Եըլտըրըմը պարզապէս վերաբանաձեւած է նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին բաղադրիչը: Եթէ Հայաստանը «չվերադարձնէ Ազրպէյճանի գրաւուած հողերը», ապա հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն կրնար կարգաւորուիլ: Ան խօսած է նաեւ «Հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէկ ամբողջութիւն ըլլալուն մասին` պարզ դարձնելով, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման նախափուլը Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացումն է: Եւ ուրեմն` նախապայմանայինի նախապայմանը հայկական ուժերու հեռացումն է Արցախէն: Ըսուածը այն է, որ Անգարայի կիրարկած նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին բաղադրիչը իր հերթին ունի նախապայմաններ. հայկական ուժերու հեռացում Արցախէն, ապա Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացում, որմէ ետք Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորում: Միեւնոյն յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը անարդիւնաւէտ, հետեւաբար` հեղինակազրկուած կառոյց կը նկատէ ՄԱԿ-ը: Իր համոզումով ՄԱԿ-ը հետզհետէ կը վերածուի անարդիւնաւէտ կառոյցի: Անիկա արդէն անյոյս է միջազգային հարցերը լուծելու առումով: Պատճառը` ՄԱԿ-ի կառուցուածքն է: Այդ կառուցուածքով խաղաղութիւն ապահովել կարելի չէ: Այդ «գործիքակազմերը անպայման պէտք է վերանայուին, որպէսզի տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ կարելի ըլլայ դիւրութեամբ խաղաղութիւն ապահովել»:

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը մէկ ամբողջութիւն նկատող Թուրքիոյ վարչապետը այստեղ Պաքուի արտաքին քաղաքականութեան մէջ երեւցող ռազմավարական վարքագիծէն շեղում կը կատարէ: Պաքուն տարիներու հետեւողականութեամբ բանակցային գործընթացը կը փորձէր ԵԱՀԿ-էն տեղափոխել ՄԱԿ տարբեր պատճառներով սկսած` Անգարայի ազդեցութիւնը այդ միջավայրին մէջ գործօն նկատելէ մինչեւ ՄԱԿ-ի անդամ իսլամ պետութիւններու մօտ կրօնական պատկանելիութեան շահարկումի առիթներու գործադրման հաւանականութիւնները գնահատելով: Եւ եթէ ԵԱՀԿ-ը եւ այժմ ՄԱԿ-ը սպառած կառոյցներ են, ապա միջազգային ո՞ր ատեանը պիտի զբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացով: Մէկ ամբողջութիւն կազմող երկու երկիրներու պատկերացմամբ, գուցէ Իսլամական վեհաժողովը®:

Եըլտըրըմի շեղումը սակայն ըստ էութեան ոչ թէ յարաբերակցաբար Պաքուին է, բանակցային ձեւաչափի առումով, այլ կը վերաբերի իր ինքնապահուածքին:

Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ, մայիսին պաշտօնական Անգարան արձագանգած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմ ըլլալուն:

«Տեսնենք, եթէ Հայաստանը Թուրքիոյ նկատմամբ տարիներ շարունակ ունեցած թշնամական դիրքորոշումը փոխէ, հրաժարի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններուն նկատմամբ ունեցած սխալ դիրքորոշումներէն, հրաժարի այդ բոլորէն, ցանկանայ նոր էջ բանալ, մենք ալ ուսումնասիրելով մանրամասնութիւնները, համարժէք պատասխան կու տանք: Մենք չենք ցանկար ոեւէ մէկուն, յատկապէս մեր դրացիներուն հետ թշնամական յարաբերութեան մէջ ըլլալ: Եթէ այդպիսի մօտեցում ըլլայ, բնականաբար մեր պետութեան շահերու շրջանակներուն մէջ կը քննարկենք»:

Խօսքերը կը պատկանին միեւնոյն Եըլտըրըմին: Այսպէս ուրեմն. Անգարան պատրաստ է քննարկելու դիւանագիտական կապերու հաստատման Երեւանի մօտեցումները, եթէ Երեւանը ճանչնայ  այսօրուան սահմանը եւ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Գէթ այս բանաձեւման մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն հրաժարելու ուղղակի պայման չկայ. հրաժարման պահանջը յստակօրէն տարածքայինին կը վերաբերի:

Բայց աւելի կարեւորը այն էր, որ Եըլտըրըմ չէր ակնարկեր Արցախի խնդիրին  եւ կը խօսէր Թուրքիոյ վերաբերող հարցերու մասին:

Որքան ալ յայտարարութեան միջավայրային տրամաբանութիւնը նկատի ունենանք եւ անով ալ բացատրենք միայն արցախեան նախապայմանի արծարծումը, այնուամենայնիւ միեւնոյն պաշտօնեայի երկու յայտարարութիւններուն միջեւ  ընդհանուր բաղադրիչ չկայ: Թուրքիոյ մէջ ան կը պայմանականացնէր տարածքային պահանջներէ հրաժարման անհրաժեշտութիւնը, Պաքուի մէջ` Արցախի հարցի պայմանային  եւ միակողմանի զիջումներով պատկերացուած լուծումը:

Միջավայրին տրամաբանութիւնը ընկալելի է անշուշտ: Այդ պատճառով ալ չէ բացառուած, որ Պաքուէն դուրս Անգարան առնուազն նոյն շեշտադրումներով չպայմանականացնէ խնդիրը կամ ալ ընդհանրապէս արցախեան բաղադրիչը չնշէ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած որեւէ նախաձեռնութիւն սկսելու համար:

Թուրքիոյ նախապայմանային քաղաքականութիւնը ի զօրու է. կը փոխուին նախապայմաններու առաջնահերթութիւնները, շեշտադրումները, կէտերէն մէկը առիթով  մը նշելով կամ չնշելով` խաղի դասական կանոնները:

«Ա.»

Նախորդը

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ Ցուցակի Առաջին Տասնեակը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Օգոստոս 2018)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.